«Հայաստանի հակառակորդները Ֆրանսայի հակառակորդներն են» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարը
Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառման ճամբով կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ:
Հայաստանի հակառակորդները Ֆրանսայի հակառակորդներն են: Այս մասին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքի ընթացքին յայտարարած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանենը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառման ճամբով կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ:
«Հայաստանի հակառակորդները Ֆրանսայի հակառակորդներն են, յայտարարած է Ժերալտ Տարմանենը` ներքին գործոց նախարարը, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքին ներկայացուցած է նախագահը եւ կառավարութիւնը», կը գրէ Լաքոթ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
27/01/2023, 08:28