Որոնել

2023.01.03 Henry Kissinger

Քիսինճըր. Միակ ճանապարհը բանակցութիւնն է

Եթէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ նախապատերազմական բաժանարար գիծին հնարաւոր չէ հասնիլ մարտական կամ բանակցային ճանապարհով, ուրեմն կարելի է դիմել ինքնորոշման սկզբունքին։ Ինքնորոշման հանրաքուէները, միջազգային հսկողութեան ներքոյ, կրնան կիրառուիլ յատկապէս բաժանարար տարածքներու նկատմամբ, որոնք դարերու ընթացքին բազմիցս փոխուած են։

Ուքրանիան ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձած է Կեդրոնական Եւրոպայի խոշորագոյն պետութիւնը։ Այս մասին Spectator-ի համար իր յօդուածին մէջ գրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար՝ Հենրի Քիսինճըր։

«Իր դաշնակիցներու օգնութեամբ եւ ոգեւորուած իր նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքիով՝ Ուքրանիան փակուղի տարած է ռուսական զինուած ուժերը։ Իսկ միջազգային համակարգը, ներառեալ՝ Չինաստանը, դէմ է ռուսական սպառնալիքին կամ անոր կողմէ միջուկային զէնքի կիրառման։ Այդ գործընթացը առաջնահերթ հարցեր բարձրացուցած է Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ։ Ուքրանիան ստացած է Եւրոպայի ամենամեծ եւ արդիւնաւէտ ցամաքային բանակներէն մէկը՝ յագեցած Ամերիկայով եւ անոր դաշնակիցներով: Խաղաղութեան գործընթաց, ցանկացած արտայայտութեամբ, պէտք է կապէ Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի հետ։ Չէզոքութեան այլընտրանքն այլեւս իմաստ չունի, յատկապէս երբ Ֆինլանտան եւ Շուէտը անդամակցեցան ՆԱԹՕ-ին: Ահա թէ ինչու անցեալ տարուայ մայիսին ես խորհուրդ տուի հրադադարի գիծ հաստատել այն սահմաններու երկայնքով, որոնք գոյութիւն ունէին այնտեղ մինչեւ 24 փետրուարի պատերազմը։ Ռուսիան դժկամութեամբ կը հրաժարի իր նուաճումներէն, բայց ոչ այն տարածքէն, որ գրաւած էր գրեթէ մէկ տասնամեակ առաջ, ներառեալ՝ Խրիմը։ Այդ տարածքը կրնայ բանակցութիւններու առարկայ դառնալ հրադադարէն յետոյ։ 

Եթէ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ նախապատերազմական բաժանարար գիծին հնարաւոր չէ հասնիլ մարտական կամ բանակցային ճանապարհով, ուրեմն կարելի է դիմել ինքնորոշման սկզբունքին։ Ինքնորոշման հանրաքուէները, միջազգային հսկողութեան ներքոյ, կրնան կիրառուիլ յատկապէս բաժանարար տարածքներու նկատմամբ, որոնք դարերու ընթացքին բազմիցս փոխուած են։ 

Խաղաղ գործընթացի նպատակը երկակի պէտք է ըլլայ՝ հաստատել Ուքրանիոյ ազատութիւնը եւ սահմանել նոր միջազգային կառոյց, յատկապէս Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի համար։ 

Ոմանց համար նախընտրելի արդիւնքը պատերազմէն ուժասպառ եղած Ռուսիան է։ Ես համաձայն չեմ։ Բռնութեան հանդէպ իր հակումով հանդերձ՝ Ռուսիան երկար տարիներ վճռական ներդրում ունեցած է համաշխարհային հաւասարակշռութեան, նաեւ ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ։ Անոր պատմական դերը պէտք չէ նսեմացնել։ Ռուսիոյ ռազմական անյաջողութիւնները չեն վերացներ անոր համաշխարհային միջուկային ներուժը, ինչ որ թոյլ կու տայ սպառնալ Ուքրանիոյ մէջ մագլցումի։ Նոյնիսկ եթէ այդ կարողութիւնը նուազի, Ռուսիոյ կործանումը կամ անոր ռազմավարական քաղաքականութեան կարողութեան ոչնչացումը կրնան վերածել իր տարածքը, որ կ'ընդգրկէ 11 ժամային գօտիներ, վիճարկուող  դատարկութեան տարածքի: Այլ երկիրներ կրնան փորձել ուժով ընդլայնել իրենց պահանջները։ Այս բոլոր վտանգները կը խորանան միջուկային զէնքի առկայութեամբ, որ Ռուսիոյ կը դարձնէ աշխարհի երկու խոշորագոյն միջուկային տէրութիւններէն մէկը: 

Քանի որ համաշխարհային առաջնորդները կը ձգտին վերջ տալու պատերազմին, ուր երկու միջուկային տէրութիւնները կը մրցին սովորական սպառազինութիւն ունեցող երկրի դէմ, անոնք պէտք է մտածեն նաեւ այս հակամարտութեան վրայ ազդեցութեան եւ բարձր արհեստագիտութիւններով եւ արհեստական բանականութեամբ երկարաժամկէտ ռազմավարութեան մասին: Արդէն գոյութիւն ունի ինքնավար զէնք, որ ունակ է բացայայտելու, գնահատելու եւ թիրախաւորելու իր սեփական հնարաւոր սպառնալիքները եւ այսպիսով կարողանալ  սկսիլ իր սեփական պատերազմը:

Այս յափշտակող աշխարհի համար դեռ ոչ մէկ տեսութիւն գոյութիւն ունի, եւ այդ թեմայով խորհրդատուական աշխատանքներ դեռ չեն սկսած, գուցէ այն պատճառով, որ բովանդակալից բանակցութիւնները կրնան յանգեցնել նոր բացայայտումներու, որոնք ինքնին վտանգ կը ներկայացնեն ապագայի համար:

Առաջատար արհեստագիտութեան եւ այն վերահսկելու ռազմավարութեան հայեցակարգի միջեւ անհամապատասխանութեան յաղթահարումը կամ նոյնիսկ անոր ամբողջական իմաստը հասկնալն այսօր նոյնքան կարեւոր խնդիր է, որքան կլիմայի փոփոխութիւնը, եւ անոր համար կը պահանջուին առաջնորդներ, որոնք կը տիրապետեն ե՛ւ արհեստագիտութիւններուն, ե՛ւ պատմութեան:

Խաղաղութեան եւ կարգ ու կանոնի խնդիրը ունի երկու բաղադրիչ, որոնք երբեմն կը դիտուին որպէս իրարու հակասող՝ անվտանգութեան տարրերու որոնում եւ հաշտեցման գործողութիւններու պահանջ: Եթէ մենք չենք կրնար հասնիլ ե՛ւ անոր, ե՛ւ անոր, չենք կրնար հասնիլ երկուքին ալ: Դիւանագիտութեան ուղին կրնայ թուալ բարդ եւ հիասթափեցնող: Սակայն անոր հասնելու գործընթացը կը պահանջէ ե՛ւ հեռատեսութիւն, ե՛ւ քաջութիւն՝ այդ ճանապարհորդութիւնը սկսելու համար:

Երբ այս ոլորտին մէջ սահմանը հատուի, եւ բարձր արհեստագիտութիւնները դառնան չափանիշային զէնք, իսկ համակարգիչները՝ ռազմավարութեան հիմնական կատարողներ, աշխարհը պիտի յայտնուի այնպիսի վիճակի մէջ, որու համար դեռ չկայ հաստատուած հայեցակարգ»։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2023, 08:33