Որոնել

Հայերու դէմ յարձակումներ՝ Երուսաղէմի մէջ Հայերու դէմ յարձակումներ՝ Երուսաղէմի մէջ  

Հայերու դէմ յարձակումներ՝ Երուսաղէմի մէջ

Նախապէս յարձակում գործուած էր Երուսաղէմի մէջ գործող հայկական ճաշարանի մը վրայ, որ կոտրտուած էր ծայրայեղականներուն կողմէ:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ հայր Աղան Գոգչեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ, թէ 28 Յունուարի ուշ երեկոյեան, երկու հրեայ ծայրայեղականներ Հայոց պատրիարքարանի փողոցէն «Լացի պատ»ը երթալու ընթացքին փորձած են նախ խոչընդոտել երթեւեկը, ապա փողոցին մէջ հարուածած են ինքնաշարժը գործէն տուն վերադարձող հայ երիտասարդներու, որոնք երբ ուզած են գիտնալ հրեաներուն արարքին դրդապատճառը՝ անոնք ըսած են, որ ասիկա իրենց երկիրն է, իսկ հայերը պէտք է իրենց երկիրը երթան: Հրեաները դիմած են բռնութեան, արցունքաբեր կազ նետած են հայ երիտասարդներէն մէկուն աչքերուն, ապա փախուստի դիմած: Սակայն, ոստիկանութիւնը կրցաւ գտնել եւ ձերբակալել հրեաները: 

Այս դէպքէն մէկ ժամ ետք, հրեայ ծայրայեղականներու այլ խումբ մը փորձած է բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիքը եւ հանել պատրիարքարանի խաչակիր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները: Այդ պահուն վանքին դիմաց կանգնած հայ երիտասարդները արգիլած են հրեայ ծայրայեղականներուն գործողութիւնները. վերջիններս կարճ ատեն մը փախուստ տալէ ետք, վերադարձած են՝ այս անգամ աւելի փոքր խումբով եւ դիմակաւոր: Անոնք դարձեալ փորձած են կռիւ հրահրել, հայ երիտասարդներուն ուղղութեամբ արցունքաբեր կազ արձակած են, հայհոյած հայերուն եւ փախչած ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Հայ երիտասարդները հետապնդած են զանոնք, եւ երբ վերջիններս տեսած են, որ հայերը զիրենք կը հետապնդեն, բղաւած են. «Ահաբեկչական յարձակո՜ւմ»:

Ոստիկանները, կարծելով, թէ հրեայ ծայրայեղականներուն ըսածը ճիշդ է, փակած են հայ երիտասարդներուն ճամբան՝ զէնքերը ուղղելով անոնց վրայ, ծեծի ենթարկելով ոմանք, որոնցմէ Գէորգ Քահքեճեան ձերբակալուած եւ մեղադրուած է, որ յարձակած է ոստիկանին վրայ,  ինչ որ իրականութեան հետ աղերս չունի: Ան մէկ գիշեր մնացած է ոստիկանատունը. յաջորդ օրը՝ 29 Յունուարին, յետմիջօրէին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի անմիջական միջամտութեամբ եւ դատարանին որոշումով ազատ արձակուած է ան եւ անոր ճշդուած է 20 օրեայ տնային բանտարկութիւն: 

Նախապէս յարձակում գործուած էր Երուսաղէմի մէջ գործող հայկական ճաշարանի մը վրայ, որ կոտրտուած էր ծայրայեղականներուն կողմէ: 

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Երուսաղէմի քրիստոնէական հաստատութիւններուն դէմ բռնութիւններու վերջին գործողութիւններուն գծով: Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը:

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք բռնութիւնների եւ վանդալիզմի վերջին գործողութիւնների կապակցութեամբ՝ ուղղուած Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններին, այդ թւում՝ Հայոց պատրիարքարանին եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչներին», գրած է ան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2023, 08:31