Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, ցանկանալով Հայաստանէն «Զանգեզուրի միջանցք» ստանալ՝ պատերազմով, բռնագրաւմամբ եւ ցեղասպանութեամբ կը սպառնան Հայաստանին․ Լեմգինի հիմնարկ
2022-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնալիքի տակ դրուած է հարեւան ազրպէյճանի եւ անոր դաշնակից թուրքիոյ կողմէ: Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, ըսուած է Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմգինի հիմնարկի՝ 2022 թուականի ամփոփիչ զեկոյցին մէջ։
Զեկոյցով ներկայացուած են ՀՀ-ին եւ Արցախին վերաբերող հետաքրքրական դիտարկումներ։ Ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի մշտական խախտումները, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբերին ազրպէյճանի իրականացուցած յարձակումը Հայաստանի դէմ, հայ ռազմագերիներու հանդէպ վայրագութիւնները:
«Թէեւ արտաքին աշխարհը արագ արձագանգեց՝ վերջ դնելու ազրպէյճանի սեպտեմբերեան յարձակման, սակայն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի 140 քառակուսի քիլոմեթրը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարեւոր հատուածները, ներառեալ՝ Շուշի քաղաքը, դեռ գրաւուած են ազրպէյճանի կողմէ»,- նշուած է զեկոյցին մէջ:
Հիմնարկը նաեւ կը յայտնէ, որ Դեկտեմբեր 12-էն ազրպէյճանը փակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ յառաջացնելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ կրնայ արագ վերածուիլ աղէտի:
«ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին վարչակարգը երկրին մէջ բացայայտ կերպով կը վարէ դաժան հակահայկական քաղաքականութիւն՝ տօնելով պատերազմական յանցագործութիւնները եւ միեւնոյն ժամանակ արտաքին աշխարհին ներկայանալով որպէս հանդուրժողականութեան պատնէշ»,- գրած են Լեմգինի հիմնարկի փորձագէտները՝ աւելցնելով, որ թուրքիան եւ ազրպէյճանը, ցանկանալով Հայաստանէն ստանալ «Զանգեզուրի միջանցք», Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնագրաւմամբ եւ ցեղասպանութեամբ:
Հիմնարկը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն բանի վրայ, որ հզօր երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, ՆԱԹՕ-ն եւ այլ կառոյցներ կը շարունակեն բացայայտ կերպով աջակցիլ թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի վարչակարգերուն:
«ազրպէյճանը Freedom House-ի կողմէ ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամենաքիչ ազատ երկիրներէն մէկը: Վերջին տարիներու ընթացքին այնտեղ աւելցած են լրագրողներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, ցեղական փոքրամասնութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հանդէպ հալածանքները՝ այլախոհութիւնը վերացնելու համար օգտագործելով ներքին, ինչպէս նաեւ անդրազգային բռնաճնշումներ»,- կ՝եզրափակեն փորձագէտները:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ