Որոնել

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի  (AFP or licensors)

Միքաթի ցաւակցութիւն կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին վախճանելուն առիթով

Միքաթի շեշտեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կրօններու երկխօսութեան անձնաւորութիւն էր, որ բարեկամ էր Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ցաւակցագիր մը յղեց Ֆրանչիսկոս պապին` խոր կսկիծ յայտնելով Պենետիկտոս ԺԶ. նախկին պապին վախճանումին առիթով:

Միքաթի շեշտեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կրօններու երկխօսութեան անձնաւորութիւն էր, որ բարեկամ էր Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Այս առիթով Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Լիբանան ցաւակցութիւն կը յայտնէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զաւակներուն` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին վախճանումին առիթով:

Այս առիթով նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը եղած է պատմական եւ հանգստութիւն պարգեւած է լիբանանցիներու հոգիներուն: «Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կը յարգէր Լիբանանը եւ զայն կը նկատէր մարդկութեան` իր կրօններու բազմազանութեամբ, ուղղուած յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամի երկիր մը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2023, 08:49