Ատրպէյճան չ՛արտօներ վերանորոգել Հայաստանէն Արցախ միակ ելեկտրական գիծը
Ատրպէյճան թոյլ չի տար վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնել այն հատուածին մէջ, ուր խանգարուած է Հայաստանէն Արցախ միակ բարձրավոլթ գիծը: «Արմէնփրէս»ի հարցումին իբրեւ պատասխան` այս մասին յայտնեցին Արցախի շտապէն։
Աւելի կանուխ հաղորդուեցաւ, որ Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քիլովոլթ Հայաստանէն Արցախը միակ բարձր լարման ելեկտրականութեան գիծի 33րդ քիլոմեթրին մէջ 9 Յունուարին արձանագրուած է խանգարում: «ԱրցախԷներգօ»ն յայտնեց, որ, ըստ սարքաւորումներով արձանագրուած տուեալներուն, վնասուած վայրը կը գտնուի Աղաւնոյ-Բերձոր հատուածին մէջ: Որոշում տրուեցաւ հանրապետութեան ելեկտրամատակարարումը իրականացնել տեղական արտադրող կայաններու միջոցով` սահմանափակումներով, ինչ որ նոր տագնապներու դուռ կը բանայ՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ ցուրտ եղանակը եւ ջեռուցման դժուարութիւնները։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ