Որոնել

Արցախի մէջ առողջապահական կեդրոններ Արցախի մէջ առողջապահական կեդրոններ 

Արցախի մէջ առողջապահական կեդրոններուն 70 տոկոսը չի գործեր. ջեռուցման լուրջ հարցեր կան

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ՝ Արցախէն չորս հիւանդներ եւս փոխադրուեցան Հայաստանի զանազան բժշկական կեդրոններ: Մինչ այսօր, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած հիւանդներուն ընդհանուր թիւը 48 է:

Արցախի մէջ իրավիճակը օրէ օր աւելի կը ծանրանայ. բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ արդէն դադրեցան ուսումնական աշխատանքները՝ ջեռուցման բացակայութեան պատճառով. առաւել քան 20 հազար մանուկներու կրթութեան իրաւունքը այսպիսով ոտնակոխուեցաւ: 

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հրապարակեց զեկոյց մը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը դիտաւորեալ խափանելու իբրեւ արդիւնք՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ:

Մարդասիրական ծանրագոյն իրավիճակը ազդած է նաեւ առողջապահական համակարգի բնականոն գործունէութեան վրայ, յայտնեց Ստեփանեան՝ շեշտելով. »Առողջապահական կազմակերպութիւնների եւ հիւանդանոցների 70 տոկոսը, որոնք ջեռուցւում են գազի կիրառմամբ, կագնած են ջեռուցման լրջագոյն խնդիրների առաջ«: Ըստ Ստեփանեանի՝ ներկայ դրութեամբ բուժում կը ստանան 156 հիւանդներ, որոնց կարգին՝ 45 մանուկներ:

Ստեփանեան իր զեկոյցին մէջ յայտնեց, որ կազամատակարարման խափանումներուն պատճառով, մեծ կորուստներ կ՛ունենան նաեւ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալող հարիւրաւոր ձեռնարկութիւններ՝ շեշտելով նաեւ, որ կազամատակարարման խափանումներու եւ ելեկտրականութեան սահմանափակման պայմաններուն մէջ, տուներու ջեռուցման եւ այլ կենսական պայմաններու ապահովման համար կը նկատուի բնակչութեան կողմէ փայտի օգտագործման յաւելում, ինչ որ կրնայ բնութեան մեծ կորուստ պատճառել: 

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ՝ Արցախէն չորս հիւանդներ եւս փոխադրուեցան Հայաստանի զանազան բժշկական կեդրոններ:  Մինչ այսօր, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած հիւանդներուն ընդհանուր թիւը 48 է:

Շաբաթ օր, ատրպէյճանական կողմը դարձեալ ամբողջութեամբ փակեց Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը՝ արցախցիները զրկելով կազէն՝ աւելի եւս ծանրացնելով անոնց կեանքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2023, 08:08