Որոնել

Արցախէն եւս երեք հիւանդ տեղափոխուած է Հայաստան Արցախէն եւս երեք հիւանդ տեղափոխուած է Հայաստան 

Արցախը 47-րդ օրն ըլլալով ամբողջական շրջափակման մէջ. Արցախէն եւս երեք հիւանդ տեղափոխուած է Հայաստան

Մինչեւ հիմա Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 52 հիւանդ:

Արցախէն եւս երեք հիւանդներ երէկ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են Հայաստանի տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ, կը յայտնէ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը` տեղեկացնելով, որ նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ  վիրահատութիւնները:

Ըստ հաղորդումին, «Արեւիկ» բժշկական միաւորումին մէջ 9 երեխաներ կը գտնուին նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ, «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ին մէջ 13 հիւանդներ կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնցմէ 6-ը` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:

Մինչեւ հիմա Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 52 հիւանդ:

Բերձորի միջանցքը արդէն 47 օրէ ի վեր կը շարունակէ փակ մնալ: Ազրպէյճանական կողմը անցեալ շաբաթ օր փակած, օրեր ետք մասամբ բացած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը. 9 յունուարէն ալ վնասուած է Հայաստանէն մտնող ելեկտրականութեան գիծը, ըստ Ստեփանակերտի, ազրպէյճանական կողմը թոյլ չի տար զայն վերանորոգել: Արցախի մէջ 21 յունուարէն ելեկտրականութեան  անջատումներու նոր դրութիւն սահմանուած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2023, 08:21