Արցախը 29րդ օրն ըլլալով շրջափակման մէջ. Կացութիւնը կը ծանրանայ
Արցախի մէջ արդէն շրջափակման 29րդ օրը աւարտեցաւ ոչ մէկ դրական նորութեամբ:
Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Լաչինի միջանցքը, արդէն ամիսէ մը ի վեր փակ կը մնայ իրենք զիրենք իբրեւ բնապահպան ներկայացնող ատրպէյճանցիներու կողմէ: Հակառակ կոչերուն եւ զօրակցական յայտարարութիւններու՝ գետնի վրայ շօշափելի ոչ մէկ արդիւնք կայ:
Նախորդ օրը, «Ֆէյսպուք»ի վրայ ուղիղ եթերով պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց արցախցիներուն, իր ձեւակերպումով՝ «հանգիստ եւ ուժեղ այս իրավիճակը» ընդունելնուն ու դժուարութիւնները յաղթահարելնուն համար:
Ըստ Վարդանեանի՝ բնակիչներուն մեծամասնութիւնը ճիշդ եւ հանգիստ կ՛ընկալէ այս իրավիճակը, սակայն կան նաեւ այլ դէպքեր: «Մենք բոլորս մի նաւի մէջ ենք», շեշտեց ան՝ կոչ ուղղելով ամէն ինչ կիսելու մէկզմէկու հետ, չառաջնորդուելու եւ չգործելու անձնական շահով:
Արցախի խանութներուն մէջ արդէն ոչինչ կայ՝ միայն խմիչք եւ թանկարժէք ապրանքներ: Արցախի կառավարութիւնը պահեստային պաշարէն որոշ մթերքներ կը բաժնէ խանութներուն: Մինչեւ շրջափակումը ամէն օր հարիւրաւոր թոներով ուտելիքդ, դեղորայք եւ այլ ապրանքներ կը մտնէին Արցախ, այժմ ոչինչ կը մատակարարուի, վառելանիւթի պակասը եւս աւելի կը սրէ իրավիճակը:
Բերձորի միջանցքը կը շարունակէ բաց մնալ միայն ռուս խաղաղապահներուն համար. երբեմն այնտեղէն կ՛անցնին Կարմիր Խաչի ինքնաշարժներ:
Արցախի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կան տասնեակ ծանր հիւանդներ, որոնք Երեւանի մասնագիտական բժշկական կեդրոններու մէջ բուժումը շարունակելու կարիք ունին, մինչեւ հիմա կարելի եղած է ընդամէնը 15 անձեր տեղափոխել, այն ալ՝ միայն Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ եւ անոնց ինքնաշարժներով:
Արցախի նախադպրոցական հաստատութիւններու, հանրակրթական դպրոցներու նախադպրոցական խումբերու եւ ամբողջ օրուան դրութեամբ գործող դպրոցներու աշխատանքը ուտելիքի ոչ-բաւարար մատակարարման պատճառով 9 Յունուարէն ի վեր ժամանակաւորապէս կասեցուեցաւ:
Հանրակրթական դպրոցները պիտի շարունակեն գործել բնականոն հունով: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի կրթութեան նախարարութիւնը:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հռապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Այսօր Արցախի շրջափակման 29րդ օրն է:
«Շրջափակման հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւնում մնացած 270 արցախցի աշակերտ այսօրուանից յաճախելու են Գորիսի հ 1 եւ Երեւանի տարբեր դպրոցներ: Կոպտօրէն խախտուած են այս երեխաների տարրական իրաւունքները: Ամանորը ընտանեկան հրաշքով լի տօն է: Ցաւօք, հրաշք չեղաւ արցախցի այս երեխաների համար:
«Միթէ փոքրիկ Արցախն ու կիսուած ընտանիքների այս երեխաները իրենցից վտանգ են ներկայացնում հարեւան Ադրբեջանի կամ Թուրքիայի համար:
«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը իր յայտարարութիւններով դիմել է բոլոր մարդասիրական կառոյցներին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրներին, քաղաքակիրթ աշխարհին, սակայն մեր ձայնը մինչեւ այսօր լսելի չէ: Արցախի ու Արցախի ժողովրդի թեման տեսականօրէն շատ է շօշափւում միջազգային հարթակներում: Սակայն մեզ խղճալ ու կարեկցել պէտք չէ, մեզ պէտք են տեսանելի ու գործուն քայլեր:
«Մենք յոյսի ու հաւատի ժողովուրդ ենք: Յուսանք՝ մեր աղօթքներն առ Աստուած փրկութեան դուռ կը բացեն»:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ