Արցախի հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն Արցախի հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն 

Ազրծպէյճանական կողմը կտրած է ՀՀ-էն եկող հաղորդակցութեան լարերը՝ Արցախի տարածքին խաթարելով հեռահաղորդակցութեան եւ կայուն համացանցի հասանելիութիւնը. ԱՀ ՄԻՊ

Արցախի ամբողջական շրջափակման պայմաններուն մէջ ենթակառաուցուածքային ահաբեկման այս եղանակը նպատակ կը հետապնդէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը ենթարկելու յաւելեալ տառապանքներու եւ մարդկային անտանելի պայմաններ ստեղծելու Արցախի մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ հաւաքագրած փաստերուն համաձայն՝ Յունուար 12-ին՝ ժամը 15:30-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական կողմը Շուշիի հատուածին վրայ (շրջափակման վայր) դիտաւորեալ կտրած է Հայաստանի Հանրապետութենէն դէպի Արցախ եկող հաղորդակցութեան լարերը՝ Արցախի ամբողջ տարածքին խաթարելով հեռահաղորդակցութեան եւ կայուն համացանցի հասանելիութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի ՄԻՊ-ը:

Օգտուելով այն հանգամանքէն, որ դէպի Արցախ եկող ենթակառուցուածքները կ՝անցնին ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն, ազրպէյճանական կողմը միտումնաւոր կաթուածահար կ՝ընէ կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներուն աշխատանքը, որուն վառ ապացոյցն է կազամատակարարման խաթարումները (2022 թ․ Մարտ, 2022 թ․ Դեկտեմբեր), ելեկտրական բարձրաստիճան լարերու վերականգնումը Յունուար 9-էն խոչընդոտելը, Արցախի տարածքին համացանցի եւ բջիջային կապի պարբերական խաթարումները։

Արցախի ամբողջական շրջափակման պայմաններուն մէջ ենթակառաուցուածքային ահաբեկման այս եղանակը նպատակ կը հետապնդէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը ենթարկելու յաւելեալ տառապանքներու եւ մարդկային անտանելի պայմաններ ստեղծելու Արցախի մէջ։

Ազրպէյճանի վարքագիծը անարգանք է մարդու իրաւունքներու օրակարգի, մարդկայնական արժէքներու եւ քաղաքակրթութեան նկատմամբ։ Պետութիւններն ու միջազգային կառոյցները եւ առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները՝ ՌԴ, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա պարտաւոր են վերջ դնելու ազրպէյճանական յանցաւոր ամենաթողութեան ու անպատժելիութեան։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2023, 08:15