Արամ Ա Կաթողիկոս իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Պապի մահուան առիթով
Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին յղած իր ցաւակցագիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վախճանեալ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը կը նկատէ որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկը, որ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ընկերութիւն փոխ-յարաբերութեանց խնդիրներու գծով, իր յստակ տեսակէտներով ու խոր վերլուծումներով առանցքային դեր ունեցած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մօտեցումներու ձեւաւորման ու զարգացման մէջ:
Նոյն օրը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակին եւ յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցաւակցութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ Պապին վախճանման առիթով: Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունենցած Պապին յուղարկաւորութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան :
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ