Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց  եւ Թաուատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց եւ Թաուատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը 

Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց Ն.Ս. Թաուատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու ղպտի եկեղեցւոյ հետզհետէ աճող գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական մարզերէն ներս:

Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը, որ միաժամանակ Լիբանանի ու Սուրիոյ ղպտի համայնքներուն հոգեւոր պետն է: Ան Հայրապետին փոխանցեց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անդրադարձաւ ղպտի համայնքին առնչուած կարգ մը հարցերուն:

Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու ղպտի եկեղեցւոյ հետզհետէ աճող գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական մարզերէն ներս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2023, 07:04