Որոնել

Արցախի եւ Ատրպէճանի սահմանագիծ Արցախի եւ Ատրպէճանի սահմանագիծ  (AFP or licensors)

Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ուղղէ՝ բոլորովին վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով ազատ փոխադրութիւնը

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը կը շարունակէ մտահոգել Միացեալ Նահանգները:

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը կը շարունակէ մտահոգել Միացեալ Նահանգները: Այս մասին խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` «Արմէնփրէս»ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք Արցախի մէջ պատճառ դարձան  մարդասիրական ծանր արդիւնքներու։

 Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա նաեւ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը վտանգէ միջազգային վստահութիւնը։

 Անդրադառնալով իրադրութեան հանգուցալուծման տարբերակներուն` Փրայս ըսաւ. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ բոլորովին վերականգնելու միջանցքով ազատ փոխադրութիւնը: Որեւէ հարցի մէջ յառաջընթացի միակ ուղին բանակցութիւններն են»: 

 Օր մը առաջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փրայս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի ապահով, կայուն, ժողովրդավարական, բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի խթանման։ «Մենք կը շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմանիօրէն` համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս՝ Եւրոպական միութիւնը, նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու միջոցով, օրինակ՝ ԵԱՀԿը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան նպաստելու` Արցախի տագնապին վերաբերող կամ անկէ բխող բոլոր հիմնահարցերուն լուծումներ գտնելու համար», նշեց ան:

Փրայս յիշեցուց ամերիկեան կողմի ջանքերն ու կազմակերպած հանդիպումները, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով` կ՛ուզեն տեսնել, որ կողմերը իրենք յառաջընթաց կ՛արձանագրեն, եւ տագնապի համապարփակ լուծումը Միացեալ Նահանգներու որոշելիք հարցը չէ: «Ասիկա այն ծանր աշխատանքն է, զոր պէտք է կատարեն կողմերը իրենք», ըսած էր Փրայս՝ աւելցնելով. «Մենք ամէնօրեայ դրութեամբ ներգրաւուած ենք եւ կը շարունակենք սերտօրէն համագործակցիլ կողմերուն հետ` երկկողմ, եռակողմ, ԵԱՀԿի միջոցով, ինչպէս նաեւ այլ գործընկերներու միջոցով, որպէսզի օգնենք հասնելու այդ վերջնական վիճակին»։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2023, 09:08