Որոնել

UKRAINE-CRISIS/RUSSIA-LAVROV

Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ՝ բոլորովին ապաշրջափակելու Լաչինի Միջանցքը

Ի տարբերութիւն արտաքին խաղացողներու մեծամասնութեան, որոնք կը սահմանափակուին յայտարարութիւններով եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու կոչերով, ռուսական կողմը տեղւոյն վրայ իրական լուծումներ կը փնտռէ եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ, մնայուն կապի մէջ են բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ. Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար աշխոյժ ջանքերը կը շարունակուին: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի իրավիճակին:

«Ի տարբերութիւն արտաքին խաղացողներու մեծամասնութեան, որոնք կը սահմանափակուին յայտարարութիւններով եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու կոչերով, ռուսական կողմը տեղւոյն վրայ իրական լուծումներ կը փնտռէ եւ մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ: Առ այդ, մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ բոլորովին ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն`9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան համաձայն, նաեւ կոչ կ՛ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին՝ քաղաքական կամք դրսեւորելու տարակարծութիւնները շուտափոյթ կերպով լուծելու համար», աւելցուց ան։

Զախարովա նաեւ դիտել տուաւ, որ ռուսական կողմը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հովանիին տակ, բանակցութիւններ կազմակերպելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Ան աւելցուց, որ այդ հանդիպման մասին ռուսական կողմը տեղեակ պահած է կողմերը, սակայն ան հանդիպումի թուականին մասին մանրամասնութիւններ չտուաւ։

«Կը կարծեմ, որ պարբերաբար յայտնուող բարդութիւնները պէտք չէ բանակցային գործընթացի սառեցման պատճառ դառնան», ըսաւ  Զախարովա:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2023, 08:43