Որոնել

Madagascar-siccitA-Pam-Wfp-bambini-fame-povertA-aiuti-8AEM.jpg

Այսօր առ աւելի շատ երեխաներ մարդասիրական օգնութեան կարիքն ունին. ԵՈՒՆԻՍԵՖի Գլխաւոր Տնօրէն

ԵՈՒՆԻՍԵՖի մարդասիրական միջամտութիւններու 2023ի զեկոյցը շեշտեց 10,3 միլիարդ ԱՄՆ դոլարի հրատապ կարիքը՝ ի նպաստ 110 միլիոն մանուկներու որոնք տուժած են հակամարտութիւններէն, աղէտներէն և կլիմայական ճգնաժամերէն ողջ աշխարհի մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

ԵՈՒՆԻՍԵՖը (UNICEF) 2022 թուականի դեկտեմբերի 5-ին հրապարակած է 2023ին մարդասիրական միջամտութիւններու մասին զեկոյցը, որուն մէջ կոչ ուղղած է 10,3 միլիարդ ԱՄՆ տոլարի անհրաժեշտութեան մասին՝ հրատապ կերպով աջակցելու համար աւելի քան 173 միլիոն մարդու, անոնց շարքին՝ 110 միլիոն մանուկներ, որոնք տուժած են Քովիտ 19 համավարակի և կլիմայական փոփոխութիւններու հետևանքներով առաջացած մարդասիրական ճգնաժամերէ ողջ աշխարհին մէջ։ Մասնաւորապէս․

• Աւելի քան 400 միլիոն երեխայ կ’ապրէ ջուրի բարձր կամ չափազանց բարձր խոցելիութեան վայրերու մէջ:

• Գրեթէ 37 միլիոն երեխայ ողջ աշխարհի մէջ տեղահանուած է իրարու յաջորդող ճգնաժամերու պատճառաւ։ Երկրորդ աշխարհամարտէն ի վեր նման արդիւնք չէ գրանցուած:

• 2023-ի ֆինանսաւորումը գլխաւորապէս կը վերաբերի Աֆղանիստանին, Ուքրանիոյ և Ուքրանիոյ փախստականներուն արձագանքելուն, Սուրիոյ փախստականներու ճգնաժամին, Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութեանը և Եթովպիային:

ԵՈՒՆԻՍԵՖի Գլխաւոր Տնօրէն Քէթրին Ռասելը այդ կապակցութեամբ յայտարարած է, որ․ «Այսօր աւելի շատ երեխաներ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունին, քան երբևէ նորագոյն պատմութեան մէջ։ Ամբողջ աշխարհի մէջ անոնք կը բախուին ճգնաժամերու մահացու խառնուրդի մը հետ», որ առաջացած է հակամարտութիւններէ, տեղահանութիւններէ, համաճարակներէ, ինչպէս նաև կլիմայական փոփոխութիւններէ, որոնք առ աւելի կը վատթարացնեն գոյութիւն ունեցող ճգնաժամերը և կը սանձազերծեն նորերը:

Ըստ Տիկին Ռասելի «շատ կարևոր է վճռական և ժամանակին մարդասիրական միջամտութիւններով մանուկներուն ճիշտ աջակցութիւն ցուցաբերել»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2022, 11:18