ՅՈՒՆԻՍԷՖ-ի կոչը աւելի քան 2,6 միլիար տոլար հանգանակելու 2023 թուականին համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի մանուկներու արտակարգ իրավիճակի հիմնադրամը յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղած է հանգանակելու 2,6 միլիառ տոլար՝ խնամք տանելու եւ օգնութեան հասնելու համար աւելի քան 52,7 միլիոն մանուկներուն ,որոնք կը գտնուին Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։
«Տարածաշրջանի երկիրներու շուրջ կէսը, որոնք կ՝ապրին տագնապի մէջ կամ ենթարկուած են պատերազմներու հետեւանքներուն, ամենէն շատ տուժուած անձերը մանուկներ են, որոնք շտապ կարիքը ունին խնամակալութեան» նշուած է ԻՒՆԻՍԵՖի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի տնօրէն Տիար Խոտրի հրապարակած յայտարարութեան մէջ ուր աւելցուած է, որ «Տարիէ տարի կացութիւնը վատթարացած է եւ բազմաթիւ ընտանիքներ կ՝աղքատանան բազմաթիւ ճգնաժամերուն հետեւանքով։
ՅՈՒՆԻՍԷՖի յայտարարութեան մէջ տեղեկացուած է, որ Սուրիոյ մէջ 12 տարի պատերազմի հետեւանքով, շուրջ 6,5 միլիոն մանուկներ կարիքը ունին հոգատարութեան։ Իսկ Եմէնի մէջ կը տիրէ մարդկային ամենէն մեծ տագնապը, ուր մանուկներու մեծամասնութիւնը կարիք ունին խնամքի։ Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի եւ Սուտանի յայտարարութեան մէջ նշուած է որ այդ երկիրներուն մէջ քաղաքական անկայուն վիճակի պատճառով միլիոններով մանուկներ կ՝ապրին դժուար պայմաններու մէջ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ՅՈՒՆԻՍԷՖԻ ձեռնարկած հրատապ դրամահաւաքի արդիւնքով պիտի ապահովուին պատերազմներէն, մարդկային ճգնաժամերէն տուժուած մանուկներուն խնամքը։ ՅՈՒՆԻՍԷՖԻ տնօրէն շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր բարերարներուն, որոնք հիմնական դեր ունեցած են Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ մանուկներու հոգ տանելու առումով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ