Որոնել

Սալզպուրկի համալսարան Սալզպուրկի համալսարան 

Սալզպուրկի համալսարանի հայագիտութեան բաժինը կ՝աջակցի Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան

Խրախուսուած հինգ հետազօտութիւններն ալ Հայաստանէն են, որոնք կը ներկայացնեն գիտահետազօտական տարբեր հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:

Սալցպուրկի Փարիզ-Լոտրոնի (Աւստրիա) համալսարանի Քրիստոնեայ արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնը, որ 2013 թուականէն հայագիտութեան հետազօտութիւններու նպատակով կը ֆինանսաւորէ նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, հայագէտ Եասմին Դում-Թրագուտի ղեկավարութեամբ՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան նուիրուած դրամաշնորհային առաջին մրցոյթին ծիրէն ներս՝ հետազօտական հինգ դրամաշնորհ տրամադրած է երիտասարդ գիտնականներուն։ Դրամաշնորհային ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Սալզպուրկի արքեպիսկոպոսական թեմը:

ԿԳՄՄՆ տեղեկութիւններով՝ կարճաժամկէտ դրամաշնորհներու այս ծրագիրը նպատակ ունի խթանելու Արցախի (քրիստոնէական) պատմութեան, մշակոյթի, հնագիտութեան, արուեստի, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու վերաբերեալ երիտասարդ գիտնականներու հետազօտութիւնները, նպաստելու հայկական մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան։

Խրախուսուած հինգ հետազօտութիւններն ալ Հայաստանէն են, որոնք կը ներկայացնեն գիտահետազօտական տարբեր հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Անոնք են՝

– Նժդեհ Երանեան, Հայաստանի պատմութեան թանգարան, փոխտնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարան, գիտաշխատող, «Արցախի մ.թ.ա. 3-1 ին հազարամեակի սկիզբի մշակոյթը՝ ըստ թանգարանային նիւթերու».

– Հայր Աթանաս աբեղայ Սարգսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Հռոմի պապական արեւելեան ուսումնարան, մագիստրանտ, «Քրիստոնէական ընկալումները արցախահայ բանահիւսութեան մէջ».

– Շողակաթ Դեւրիկեան, ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի ուսումնարան, ասպիրանտ, «Հայկական մանրանկարչութեան ընդհանուր օրինաչափութիւնները եւ տեղային իւրայատկութիւնները՝ Արցախի մէջ նկարազարդուած Աւետարաններու Տէրունական պատկերներում».

-Ովսաննա Խաչատրեան, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, գիտաշխատող, «Արցախում գրուած ձեռագրերի յիշատակարանները՝ որպէս պատմամշակութային կարեւոր սկզբնաղբիւր».

– Աշոտ Մկրեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, աշխատակից, լեզուաբան, «Արցախի բարբառը Զմիւռնիայում. հանրալեզուաբանական քննութիւն»:

Հետազօտական նախագիծերը պիտի իրականացուին Սալզպուրկի համալսարանի հայագիտութեան բաժինին հետ սերտ համագործակցութեամբ եւ փորձագիտական ու գիտական խորհրդատւութեամբ։ Արդիւնքները գիտական զեկուցումներու եւ յօդուածներու տեսքով պիտի ամփոփուին յաջորդ տարեվերջին՝ նոյնպէս Սալզպուրկի համալսարանին մէջ։

Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած կարճաժամկէտ դրամաշնորհներու այս ծրագիրին միջոցով, որ իր շարունակութիւնը պիտի ունենայ նաեւ 2023 թուականին՝ Սալզպուրկի համալսարանի հայագիտութեան բաժինը նպատակ ունի աջակցելու երիտասարդ հետազօտողներուն ու անոնց ստեղծարար գիտական նախագիծերը, խրախուսելու հայագիտական, ինչպէս եւ մշակութային ժառանգութեանն առնչուող հետազօտութիւններու միջառարկայնացումն ու միջազգայնացումը, նպաստելու Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2022, 10:43