Որոնել

Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը 

Յորդանանի մէջ. «Սուրբերը Լիբանանը չար ձեռքերու մէջ պիտի չձգեն» շեշտեց Ռայի պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան` շեշտելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յորդանան:

Ռայի պատրիարքը իր այցելութիւնը սկսաւ Ամմանի Ս. Շարպել եկեղեցիէն, ուր դիմաւորուեցաւ Յորդանանի մշակոյթի նախարար Հայֆա Նաժժարի, Յորդանանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Եուսեֆ Ռաժժիի, ինչպէս նաեւ այլ նախարարներու, երեսփոխաններու, Յորդանանի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ Ս. Շարպել եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին կողմէ:

Նորակառոյց եկեղեցւոյ բացումը կատարելէ ետք, Ռայի պատրիարքը մուտք գործեց եկեղեցի եւ օծեց զայն, ինչպէս նաեւ նախագահեց մատուցուած Ս. պատարագին:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան` շեշտելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ սուրբերը Լիբանանը չար ձեռքերու մէջ պիտի չձգեն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2022, 09:38