Պքերքէի մէջ. «Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ պէտք էր նախարարական խորհրդակցական ժողով մը գումարէինք» շեշտեց Միքաթի
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու պիտի մնան քաղաքացիներու հարցերուն լուծումներ ապահովելու` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը նկատել տուած է, որ պէտք էր նախարարական խորհրդակցական ժողով մը կատարուէր` նախքան կառավարութեան վերջին նիստին գումարումը:
Միքաթի ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու է Լիբանանին` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն բարօրութիւնը բոլորը կը հետաքրքրէ:
«Հաստատեցի պատրիարքին, որ մենք նախանձախնդիր ենք քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու` շրջանցելու համար այս դժուար փուլը: Մեր որոշումն է լուծել քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները եւ այդ դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ բացատրեցինք կառավարութեան վերջին նիստը գումարելու դրդապատճառը, որ երբեք համայնքային չէ», ընդգծեց ան:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին բոլոր համայնքներուն ներկայութիւնը ապահովուած էր` հետեւաբար կարելի չէ պատճառաբանել, որ Ազգային ուխտը հարուած ստացած է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ