Որոնել

Ռայի պատրիարք Ռայի պատրիարք 

Ռայի պատրիարք. «Պէտք է ուղղուիլ ՄԱԿ-ին եւ որոշումի երկիրներուն` Լիբանանը փրկելու»

«Պէտք է ուղղուիլ ՄԱԿ-ին եւ որոշումի երկիրներուն` փրկելու Լիբանանը, երբ տակաւին ուշ չէ: Լիբանանեան հարցի միջազգայնացումը միակ ընտրանքն է, երբ ներքին առումով որդեգրուած բոլոր ելքերը ձախողած են»,

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ա. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ նշեց, թէ Լիբանանի մէջ իշխանութիւն չկայ, որովհետեւ Թաէֆի համաձայնագիրը չէ գործադրուած, իսկ գործադրուած բաժինը բաւական թերութիւններով իրագործուած է:

«Պէտք է ուղղուիլ ՄԱԿ-ին եւ որոշումի երկիրներուն` փրկելու Լիբանանը, երբ տակաւին ուշ չէ: Լիբանանեան հարցի միջազգայնացումը միակ ընտրանքն է, երբ ներքին առումով որդեգրուած բոլոր ելքերը ձախողած են», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ներքին լուծումները ձախողեցնող կողմերն են, որոնք կը մերժեն լիբանանեան հարցին միջազգայնացումը: «Իսկ ներքին առումով ելքերը ձախողեցնելու ու արտաքին առումով օժանդակութիւն պահանջել մերժողները չեն փափաքիր, որ լիբանանեան հարցը լուծուի: Անոնք Լիբանանը կ՛ուզեն տեսնել այնպէս, ինչպէս իրենք կը տեսնեն, իսկ Լիբանան պէտք է ըլլայ այնպէս, ինչպէս անոր բոլոր զաւակները կ՛ուզեն տեսնել զայն», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստին անդրադառնալով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք անցեալ կիրակի օր վարչապետի պաշտօնատար Նեժիպ Միքաթիէն խնդրած է վերատեսութեան ենթարկել նախարարաց խորհուրդի նիստ գումարելու որոշումը եւ յետաձգել զայն` յաւելեալ խորհրդակցութիւններու նպատակով, «սակայն կառավարութիւնը գումարեց իր նիստը այն նախարարներով, որոնք ներկայ էին», աւելցուց Ռայի պատրիարք:

Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան զգուշանալու լիազօրութիւններու օգտագործումէն` յանձնառու մնալու երկրին ազգային միասնականութեան, արգիլելու, որ ոմանք այս ժողովները քաղաքական եւ համայնքային նպատակներու համար օգտագործեն:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ կառավարութեան կատարելիք լաւագոյն գործը պիտի ըլլայ արագացնել նախագահական ընտրութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2022, 08:44