Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի դէմ կայ դաւադրութեան ծրագիր մը»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին արտասանած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ կայ դաւադրութեան ծրագիր մը, որ կը միտի արգելակել հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ երկիրը ձգել առանց օրինական իշխանութեան:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ միակ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ մարոնի պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնն ու պայքարը Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ` արագացնելու համար նախագահական ընտրութեան գործընթացը:
«Լիբանան այս կամ այն քաղաքական ուժին չի պատկանիր, իսկ մենք ոչ ոքի հետ ուղղակի տարակարծութեան մէջ ենք, այլ` որոշ տարակարծութիւններ ունինք անոնց հետ, որոնք հայրենիքին դէմ կը պայքարին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան վերստին կոչ ուղղեց Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը կատարելու ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը չէզոքացնել զինուորական որեւէ բախումէ:
Ռայի պատրիարքը աւելցուց նաեւ, որ իր այս կոչը կը վերահաստատէ, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններէն յուսախաբ եղած է:
Միւս կողմէ, կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին ան շեշտեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն եսը կ՛արգիլէ իրենց հանդիպիլ եւ երկխօսութիւն կատարել, որպէսզի վերջ տան նախագահական ընտրութիւնը խափանելու հոլովոյթին, մինչդեռ սոված ու դժբախտ ժողովուրդին ցաւը անհասանելի կը մնայ այդ անձնաւորութիւններու սիրտերուն ու խիղճերուն:
«Ո՞ւր են այդ անձնաւորութիւնները Ս. Ծննդեան պատգամած ողորմածութենէն», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ