Որոնել

ֆրանսայի դրօշակ ֆրանսայի դրօշակ 

Ֆրանսայի խորհրդարանը եւս որդեգրեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ մը

երկու շաբաթ առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս որդեգրեց նման բանաձեւ մը։

Ֆրանսայի խորհրդարանը 30 Նոյեմբերին միաձայնութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ մը։

Ըստ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ այլ դրոյթներու կողքին, Ֆրանսայի խորհրդարանի բանաձեւը.

 – Կոչ կ՛ուղղէ՝ բոլոր հայ ռազմագերիները անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու եւ հայրենիք վերադարձնելու.

 – Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ նկատի ունենալ անհատական պատժամիջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ յարձակումներու եւ բռնագրաւումի շարունակութեան պարագային.

 – Կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան՝ շարունակելու միջնորդական ջանքերու գործադրութիւնը՝ Արցախի հայ բնակչութեան ապահովական հարցի լուծման նպատակով՝ խորհրդարանի 2020ի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն համաձայն (նշուած բանաձեւով կառավարութեան կ՛առաջարկուի ճանչնալ Արցախը).

 – Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ նկատի ունենալ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնը.

 – Կոչ կ՛ուղղէ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն Հայաստանի ու Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

 Նշենք, որ բանաձեւը ներկայացուեցաւ խորհրդարանի մեծամասնութեան՝ իշխանական «Վերածնունդ» խմբակցութեան կողմէ։

 Նիստին պատուոյ հիւրերու կարգավիճակով ներկայ էին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանը եւ դեսպանութեան անձնակազմը։

 Յիշեցնենք, որ երկու շաբաթ առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս որդեգրեց նման բանաձեւ մը։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2022, 08:23