Որոնել

Դեսպան Նազարեանը և Գերապայծառ Կալլակերը Դեսպան Նազարեանը և Գերապայծառ Կալլակերը 

Դեսպան Նազարեանը Գերապայծառ Կալլակերին յանձնեց Բարեկամութեան շքանշանը

Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը այդ շքանշանին արժանացած է ի երախտագիտութիւն երկու Հայաստանի և Սուրբ Աթոռի միջև երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին իր աւանդի համար
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Դեկտեմբերի 16ին, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Կարեն Նազարեանը Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Բարեկամութեան շքանշանն՝ ի երախտագիտութիւն երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ու ընդլայնման գործին մէջ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեայի ունեցած առանձնակի դերակատարման»:

Այս մասին կը տեղեկանանք Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան պաշտօնական կայքէջէն։

Յիշեցնենք, որ այս տարի նշուեցաւ Սուրբ Աթոռ - Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակը։ Այդ առթիւ 25 հոկտեմբերին, Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` նուիրուած «Հայաստանի Խաղաղութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2022, 10:50