ՄԱԿի կեդրոնին մէջ տեղեակ են Լաչինի հարցով բողոքի ցոյցէն եւ պահանջներէն
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Հայաստանի գրասենեակին առջեւ երեք օր է ի վեր նստացոյց կատարող Արցախի պետական նախարարի խորհրդական եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանին 16 Դեկտեմբերի երեկոյեան ընդունեց գրասենեակի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատարը:
Շուրջ 20 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք, Բեգլարեան տեղեկացուց, որ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչ Քրիստինէ Վայկանտ իրեն յայտնեց, որ ՄԱԿի կեդրոնին մէջ տեղեակ են բողոքի ցոյցէն եւ իրենց պահանջներէն: «Մենք պայմանաւորուեցինք, որ ելեկտրոնային վերջնական տարբերակով գրաւոր մեր դիրքորոշումները, մեր պահանջները կը փոխանցենք իրենց, իրենք դա էլ կը փոխանցեն կենտրոնակայան Նիւ Եորք, եւ այդ հարցերը երբ քննարկուեն, եւ ինչ-որ մի որոշում լինի, մեզ տեղեակ կը պահեն», ըսաւ ան:
Ըստ Բեգլարեանի՝ իրենք անդրադարձած են տարբեր հարցերու, որոնց կարգին, թէ ինչո՛ւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու Գերագոյն յանձնակատարը չ՛արձագանգեր Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին, եւ ինչպէ՛ս ՄԱԿի տարբեր մարմիններ առաքելութիւն կրնան իրականացնել Արցախի մէջ:
«Խոշոր առումով նրա պատասխանն այն էր, որ իրենք այստեղ նման որոշումներ չեն կայացնում, լիազօրուած չեն, իրենք ուղղակի փոխանցում են մեր դժգոհութեան ձայնը եւ մեր պահանջները, աւելին իրենք չեն կարող անել, նոյնը մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան մեխանիզմների (գործիքակազմերու) մասով, իրենք ասում են, այսինքն` տիկին Վէգանդը նշեց, որ այդ մարմիններն անկախ են, այսինքն` այստեղի հետ կապ չունեն, եւ իրենք առանձին են իրենց որոշումները կայացնում, բայց նաեւ համոզմունք յայտնեց, որ իհարկէ, Մարդու իրաւունքների բարձր յանձնակատարի գրասենեակը շատ տեղեկացուած է Արցախի իրավիճակի մասին: Մեզ համար սա շատ տարակուսելի էր, որ հինգ օր շարունակ, բնականաբար տեղեկացուած է, որովհետեւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարն էլ է յայտարարութիւն արել, այդքանով հանդերձ դեռեւս որեւէ արձագանգ, հրապարակային անդրադարձ նրա կողմից չկայ», ըսաւ Բեգլարեան։
Ան ՄԱԿէն կ՛ակնկալէ միջազգային երկարաժամկէտ երաշխիքներ Արցախի ապահովութեան համար: Բեգլարեան եւ Գեղամ Ստեփանեան յայտարարեցին նստացոյցը, սակայն, զայն պիտի աւարտեն, երբ Արցախը ապաշրջափակուի: Մինչ այդ անոնք ինքնաշարժներով շրջափակուած կը պահեն ՄԱԿի գրասենեակին մուտքը: «Մեր այստեղ ներկայութիւնը շատ կարեւոր ճնշման ու կարեւոր մեսիջը (պատգամը) փոխանցելու ձեւ է, այսինքն` այս ձեւաչափը շարունակել, որպէսզի իրենք էլ իրենց վրայ ճնշում զգան ու դա փոխանցեն Նիւ Եորք անընդհատ», ըսաւ Ստեփանեան:
Անոնց միացան նաեւ այլ հայեր եւ օտարներ՝ իրենց մերժումը արտայայտելով Արցախի շրջափակման։
Քաղուած՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ