Որոնել

Rayi_82122.jpg

«Իրաւունք չունիք հանրապետութեան նախագահ չընտրելու» Հաստատեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան կը տառապի վճռական որոշումներ տուող իշխանութեան բացակայութենէն, եւ այդ պատճառով ալ ան կը տառապի տնտեսական հսկայ բեռէ մը, իսկ անոր ժողովրդագրական ինքնութիւնը սպառնալիքի ենթակայ է` լիբանանեան հողերուն վրայ ապրող կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներուն եւ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի պատասխանատուներուն ըսաւ. «Հանրապետութեան նախագահ չընտրելու իրաւունք չունիք: Իրաւունք չունիք քաղաքակիրթ երկիր մը քանդելու, անոր ժողովուրդը աղքատացնելու ու պատճառ դառնալու վերջինիս արտագաղթին: Իրաւունք չունիք հանգիստ քնանալու, երբ տոլարի փոխարժէքը 41.000 լ. ոսկին անցած է, այլ պէտք է իմանաք, որ քաղաքականութիւնը արժանապատիւ արուեստ մըն է` ծառայելու հանրութեան»:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան կը տառապի վճռական որոշումներ տուող իշխանութեան բացակայութենէն, եւ այդ պատճառով ալ ան կը տառապի տնտեսական հսկայ բեռէ մը, իսկ անոր ժողովրդագրական ինքնութիւնը սպառնալիքի ենթակայ է` լիբանանեան հողերուն վրայ ապրող կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներուն եւ մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով:

Ռայի պատրիարքը Յորդանանէն խնդրեց ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ խորհրդաժողով մը կազմակերպել` քննարկելու համար Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան ձեւերը, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1680, 1559 եւ 1701 բանաձեւերու գործադրութեան գործիքակազմը, լուծելու համար պաղեստինցի գաղթականներու եւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ յայտարարելու Լիբանանի չէզոքութիւնը:

Աղբիւրը Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2022, 09:00