Լաչինի տագնապին հարցով Մոսկուան մտահոգ է
Ռուսիա մտահոգութիւն յայտնեց, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբերի 2020ի յայտարարութեան համաձայն, երկու ուղղութիւններով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռի տեղաշարժի համար Լաչինի միջանցքի ամբողջական գործունէութեան վերականգնման մէջ յառաջընթացի բացակայութեան գծով: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարութիւն տարածեց Մոսկուան՝ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի միջոցաւ։
«Ռուսական կողմը, մասնաւորաբար Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ հետեւողական քայլերու ձեռնարկել՝ այս իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ: Կ՛ընդգծենք, որ ինքնին Ռուսիոյ խաղաղապահները առանցքային ներդրում կ՛ունենան իրենց տեղակայման գօտիին մէջ ապահովութեան երաշխաւորման մէջ, ինչ որ նշուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ 31 Հոկտեմբեր 2022ին Սոչիի մէջ գումարուած վեհաժողովին։ Մեր խաղաղապահներուն դէմ որեւէ հրապարակային յարձակում եւ սադրանք կը դիտարկուին իբրեւ անընդունելի եւ կանխամտածուած գործողութիւններ, որոնք զգալի վնաս կը հասցնեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին», կը յայտնէ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին եւ Երեւանին՝ խստօրէն պահպանելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան բոլոր դրոյթները:
«Կը նշենք, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է օգտագործուի միայն սոյն փաստաթուղթին մէջ յիշուած նպատակներուն համար: Յոյս ունինք, որ կողմերը համաձայնութեան կու գան տարածաշրջանին մէջ հանքավայրերու շահագործման հարցին շուրջ: Մենք կողմ ենք տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի փոխադրամիջոցներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման վերաբերող բարձր մակարդակի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ համալիրի համակողմանի իրականացման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան եւ երկու երկիրներու հասարակական գործիչներու, փորձագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ շփումներու հաստատման», եզրափակեց Զախարովա։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ