Որոնել

1669639686266.JPG

Գերմանիոյ մէջ յեղաշրջման փորձ մը կանխարգիլուած է

Կը հաղորդուի, որ աջակողմեան ծայրայեղականներէ եւ նախկին զինուորականներէ կազմուած խումբ մը ծրագրած էր յարձակիլ խորհրդարանի` Պունտըսթակի շէնքին վրայ եւ իշխանափոխութիւն կատարել:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը պետական յեղաշրջում կազմակերպելու կասկածով ձերբակալած է 25 անձեր:

Կը հաղորդուի, որ աջակողմեան ծայրայեղականներէ եւ նախկին զինուորականներէ կազմուած խումբ մը ծրագրած էր յարձակիլ խորհրդարանի` Պունտըսթակի շէնքին վրայ եւ իշխանափոխութիւն կատարել:

Ըստ լրատուամիջոցներու, 50 հոգինոց այս խմբաւորումը ծրագրած էր տապալել հանրապետութիւնը եւ զայն փոխարինել 1871 թուականի Գերմանիոյ կայսրութեան օրինակով նոր պետութեամբ:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երէկ «Ռայխի քաղաքացիներու շարժում»-ին դէմ կատարուած գործողութիւնը յաջող էր, եւ ասիկա փաստ է, որ մեր պետութիւնը պատրաստ վիճակի մէջ է»:

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր կարգին մեկնաբանելով գերմանացի զինուորի մը ձերբակալութիւնը յայտնեց, որ բանակին մէջ որեւէ ծայրայեղականութիւն չի թոյլատրեր, եւ ապահովական մարմինները կը փնտռեն, եթէ Ռուսիան երէկ բացայայտուած ծրագիրին հետ որեւէ կապ ունի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2022, 07:12