Որոնել

1667296962477.JPG

Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ կը նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը

Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` Լիբանանի գերիշխանութեան եւ անոր պետական հաստատութիւններուն զօրակցելու` եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ համագործակցաբար:

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան օրակարգը մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ փակ է, հակառակ անոր որ անիկա կրնայ վերաշխուժացում մը արձանագրել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք այցելութեամբ, նկատի ունենալով, որ ան որոշած է 24 դեկտեմբերին` կաթողիկէ համայնքի Ս. Ծննդեան խթման գիշերը անցընել հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական ջոկատին հետ:

Կը նախատեսուի, որ Մաքրոն հանդիպումներ ունենայ նաեւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հետ` ընդգծելու համար նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին, որմէ պահանջեց Լիբանանի պետական հաստատութիւններն ու գերիշխանութիւնը կաղացնող կողմերը հաշուետուութեան կանչել եւ անոնց դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:

Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` Լիբանանի գերիշխանութեան եւ անոր պետական հաստատութիւններուն զօրակցելու` եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ համագործակցաբար:

Նոյն յանձնախումբը նկատել տուաւ, որ Հըզպալլան եւ լիբանանեան քաղաքական այլ ուժեր ձախողած են լիբանանցիներուն կարիքները առաջնահերթ նկատելու գործին մէջ, որովհետեւ գերադասած են իրենց անձնական շահերը:

«Լիբանան կարիքը ունի հզօր կառավարութեան մը, որ օտար ճնշումներու ենթակայ չէ եւ լիբանանցիներուն կարիքները առաջնահերթութիւն կը նկատէ: Իսկ Հըզպալլան, Ամալ շարժումը եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամբաստանուած են նախագահական ընտրութեան նիստերը ձախողեցնելու յանցանքով», կը նշէ Քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը:

Յանձնախումբը կոչ ուղղեց Պայտընին` սպառնալու պատժամիջոցներ որդեգրելու քայլով եւ մղելու, որ լիբանանցի օրէնսդիրները արագացնեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ անցեալ ամառ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները հաստատած են, որ ժողովուրդը կը փափաքի Հըզպալլայէն զերծ կառավարութիւն մը կազմել` դիմագրաւելու համար երկրին դէմ ծառացող հսկայական մարտահրաւէրները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2022, 09:22