Որոնել

Եւրոպական դատարանը Եւրոպական դատարանը 

ՄԻԵԴ-ը Ազրպէյճանին մինչեւ երկուշաբթի ժամանակ տուած Է պատասխան ուղարկելու Աչինի միջանցքը ապաշրջափակելու` Հայաստանի պահանջին վերաբերեալ

Դատարանը որոշած է Ազրպէյճանին ժամանակ տալ մինչեւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի Ֆրանսայի ժամանակացոյցով ժամը 16:00 Հայաստանի ներկայացուցած պահանջի վերաբերեալ պատասխան ուղարկելու, որմէ ետք դատարանը պիտի տայ իր վերջնական որոշումը:

Եւրոպական դատարանը 15 դեկտեմբերին Հայաստանի` մէկ օր առաջ ներկայացուցած միջանկեալ քայլեր կիրարկելու պահանջին վերաբերեալ որոշում հրապարակած է:

Դատարանը որոշած է Ազրպէյճանին ժամանակ տալ մինչեւ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի Ֆրանսայի ժամանակացոյցով ժամը 16:00 Հայաստանի ներկայացուցած պահանջի վերաբերեալ պատասխան ուղարկելու, որմէ ետք դատարանը պիտի տայ իր վերջնական որոշումը:

Յիշեցնենք, որ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի գրասենեակը 14 դեկտեմբերին դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` պահանջելով Ազրպէյճանի նկատմամբ կիրարկել միջանկեալ քայլեր եւ վերջինիս պարտաւորեցնել ապաշրջափակել Բերձորի (Լաչին) միջանցքը:

Աղբիւրը ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2022, 06:34