Որոնել

Մեթր Ժագ Չուխատարեանը Ամենապատիւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հետ Մեթր Ժագ Չուխատարեանը Ամենապատիւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հետ 

Աշխարհէն հեռացաւ Մեթր Ժագ Ջուխատարեանը

Քաղաքական ասպարէզի կողքին ան գործած է, որպէս հմուտ իրաւաբան եւ վարած է փաստաբանական հանրայայտ իր ստեղծած գրասենեակի ղեկավարութիւնը։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը գուժէ մահը իր հարազատ զաւկին, նախկին նախարար եւ երեսփոխան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան նախագահ ՝ մեթր Ժագ Ջուխատարեանին, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 15 Դեկտեմբեր 2022-ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան, ամբողջացնելով 88-ամեայ արդիւնաւէտ կեանք մը:

Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 17 Դեկտեմբեր 2022-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղեա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ Մէջ:

Արարողութիւնը պիտի նախագահէ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք- Կաթողիկոս Կաթողիկէ Հայոց:

 

Մեթր Ժագ Ջուխատարեան
Մեթր Ժագ Ջուխատարեան

Հակիրճ կենսագրական

Մեթր Յակոբ Ջուխատարեան, ծնած է Պէյրութ 24 Մարտ 1934-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ֆրերներու դպրոցը Ճմէյզի: 1954-ին  արձանագրուած է Յիսուսեան համալսարանը մասնագիտանալով իրաւաբանութեան մէջ, եւ որմէ շրջանաւարտ եղած է 1958 թուականին:

Երիտասարդ տարիքին ան աշխատած է լիբանանեան մաքսային վարչութեան մէջ, ապա փաստաբանի վկայականը ստանալով, ան միացած է լիբանանի փաստաբաններու սենտիքային, որմէ ետք փորձառական շրջան մը անցնելէ ետք մեթր Անթուան Քազանի մօտ,  իր անձնական գրասենեակը հիմնած է 1963-ին:

Ան Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ համայնքի երեսփոխան ընտրուած է 1992 եւ 1996 թուականներուն: Մասնակցած է լիբանանեան խորհրդարանի տարբեր յանձնախումբերու:

24 Դեկտեմբեր 1990-ին Օմար Քարամի կառավարութեան մէջ կենսոլորտի գործերու պետական նախարար նշանակուած է:  Կենսոլորտի հարցերով զբաղող տարբեր համագումարներու մասնակցած է:

Ան անդամակցած եւ ապա նախագահած է Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեանը:

Ան փաստաբանը եղած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան. ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան եւ բազմաթիւ վաճառականական ընկերութիւններու:

Միշտ լիբանանեան միութեան եւ անկախութեան կողմնակից եղած է եւ աշխատած է ընդդէմ  պետական եւ այլ վարչակազմերու փտածութեան դէմ:

Ան հայկական պլոքի անդամ եղած է:

Ամուսնացած էր Տիկ. Կրատցիելլա Քարամի հետ եւ ունի չորս զաւակներ՝ Ռիթա, Փօլ, Րաֆֆի եւ Սերժ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2022, 09:29