Որոնել

ԵԱՀԿ նախարարներու ժողով ԵԱՀԿ նախարարներու ժողով 

Հայաստան եւ Հունգարիա պիտի վերականգնեն դիւանագիտական յարաբերութիւննները

Արարատ Միրզոյեան եւ Փեթեր Սիյարթօ Լեհաստանի մէջ՝ ԵԱՀԿի նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումին մտադրութիւն յայտնեցին նոր էջ բանալու հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն մէջ՝ «հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի վրայ», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հայաստանի եւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Հայաստան եւ Հունգարիա վերականգնեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:

Արարատ Միրզոյեան եւ Փեթեր Սիյարթօ Լեհաստանի մէջ՝ ԵԱՀԿի նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումին մտադրութիւն յայտնեցին նոր էջ բանալու հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն մէջ՝ «հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի վրայ», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ըստ հաղորդման՝ Երեւան եւ Պուտափեշտ ոչ-մնայուն դեսպաններ պիտի նշանակեն՝ ուսումնասիրելու յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները, յատկապէս առեւտուրի, մշակոյթի, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսին անհրաժեշտ դիւանագիտական եւ վարչական ընթացակարգերը:

Աւելի կանուխ «Ազատութիւն»ը՝ յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրին, յայտարարեց նախատեսուող հանդիպումին մասին:  «Հաշուի առնելով փաստը, որ Հունգարիան անցած տարի աջակցել է 5 հայ ռազմագերիների հայրենադարձմանը, Հայաստանը քննարկում է դիւանագիտական յարաբերութիւնների վերականգնման հնարաւորութիւնը», «Ազատութեան» յայտնեց դիւանագիտական աղբիւրը:

Յայտնենք, որ Հայաստանի եւ Հունգարնիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները դադրեցան 2012 թուականէն՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի որոշմամբ՝ 2004ին Հունգարիոյ մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան համար դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովի՝ Ատրպէյճան արտայանձնումէն ետք:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2022, 08:55