Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը պիտի չերկարաձգուի
Պրիւքսէլ պիտի չերկարաձգէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան յանձնառութեան ժամկէտը, որ պիտի աւարտի յաջորդ շաբաթ: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել՝ նշելով, որ այդ որոշումը տրուած է միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Պրիւքսէլի մէջ, 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած նիստին:
Ըստ Պորելի՝ առաքելութեան աշխատանքը «արդիւնաւէտ» էր, բայց առաքելութեան ժամկէտը չերկարաձգելու պատճառներուն մասին չխօսեցաւ, միայն նշեց, որ «թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ պայմանաւորուածութեան համաձայն» առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը պիտի աւարտէ 19 Դեկտեմբերին:
«Այդուհանդերձ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան միջնորդի մեր հեղինակութիւնը պահպանելու համար Հայաստան պիտի ուղարկուի խումբ մը, որպէսզի ծրագրէ հնարաւոր քաղաքացիական առաքելութեան ուղարկումը, եթէ յաջորդ տարի նման համաձայնութիւն ձեռք բերուի», յայտարարեց Պորել:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ