Արամ Ա. Կաթողիկոսին «Հայ Եկեղեցին» խորագրեալ անգլերէն գիրքը թարգմանուեցաւ գերմաներէնի
լայն տարածում գտած Նորին Ս. Օծութեան վերոնշեալ գիրքին յունարէն եւ չինարէն թարգմանութիւնները ընթացքի մէջ են:
2017 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեղինակած The Armenian Church (Հայ Եկեղեցին) անգլերէն հատորը, անցնող տարիներուն յաջորդաբար թարգմանուեցաւ արաբերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ ֆրանսերէնի. իսկ շաբաթ մը առաջ հրատարակուեցաւ անոր գերմաներէն թարգմանութիւնը՝ Paulinus-Verlag (Edition Cardo) հրատարակչական ընկերութեան կողմէ: Այս հատորը նաեւ Կաթողիկոսարանի գրատան կողմէ շուտով պիտի ներկայացուի ընթերցասէր հասարակութեան:
Յայտնենք, որ լայն տարածում գտած Նորին Ս. Օծութեան վերոնշեալ գիրքին յունարէն եւ չինարէն թարգմանութիւնները ընթացքի մէջ են:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
29/12/2022, 08:05