Հանրապետական կուսակցութիւնը իր վերահսկողութեան տակ առաւ ներկայացուցիչներու տունը
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը` 218 աթոռներ ապահովելէ ետք, իր վերահսկողութեան տակ առած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը:
Լրատուամիջոցներու նախատեսութիւնները ցոյց տուին, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը վերահսկողութիւն հաստատած է Ներկայացուցիչներու տան վրայ, սակայն ջնջին մեծամասնութեամբ մը, որ կուսակցութիւնը կարող պիտի դարձնէ նախագահական նստաշրջանի աւարտին համար մնացած յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին ընդդիմանալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աշխատանքի ծրագիրին:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետական մեծամասնութեան թիւը աւելի փոքր է քան այն, ինչ որ կուսակցութիւնը, մասնաւորաբար միջանկեալ ընտրութիւններուն մէջ Ծերակոյտի ընտրութեան ընթացքին անոր յուսախաբութենէն ետք, կը յուսար ունենալ:
Յիշեցնենք, որ Դեմոկրատականները ապահոված էին Ծերակոյտի աթոռներու մեծամասնութիւնը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ