Անգլիոյ վարչապետը յայտնուած է Քիեւի մէջ
Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ժամանած է Քիեւ, ուր հանդիպած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, գրած է Daily Mail-ը:
42-ամեայ վարչապետը Քիեւ գտնուելու ընթացքին ծաղիկներ դրած է պատերազմի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ:
Ուղեւորութեան ընթացքին Սունաք հաստատած է 50 միլիոն ֆունտ սթերլինի օգնութեան փաթեթը, որ ուղղուած է զօրացնելու Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը:
«Ուքրանացի ժողովուրդի խիզախութիւնը կ'ոգեշնչէ աշխարհին: Տարիներ ետք մենք մեր թոռներուն պիտի պատմենք ձեր պատմութիւնը»,-ըսած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը Զելենսքիի հետ հանդիպման ժամանակ:
Սունաք խոստացած է, որ Մեծ Բրիտանիան «պիտի կանգնի Ուքրանիոյ կողքին այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ուքրանիան ձեռք չէ բերած իրեն անհրաժեշտ եւ արժանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, իսկ յետոյ երկրի կողքին պիտի ըլլայ վերակառուցման ժամանակ»:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ