Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աջակցութիւնը Հայաստանին
Թունուզի Ժերպա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ վեհաժողովի աւարտին` 20 նոյեմբերին որդեգրուած են շարք մը փաստաթուղթեր, ներառեալ «Ֆրանսախօս տարածքին մէջ ճգնաժամային կացութիւններու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ» բանաձեւը, որով անդամ երկիրները իրենց աջակցութիւնն ու համերաշխութիւնը կը յայտնեն Հայաստանին:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, բանաձեւը, մասնաւորաբար համերաշխութիւն կը յայտնէ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ Հայաստանի հետ եւ այս ծիրին մէջ խորին մտահոգութիւն կը յայտնէ վերջերս տեղի ունեցած զինուորական մագլցումի, յատկապէս ատոր հետեւանքով միջազգային օրէնքի, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն առնչութեամբ:
Կազմակերպութիւնը կողմերը կը քաջալերէ, միջազգային գործընկերներու հետ միասին, խնդիրներու բանակցուած, խաղաղ եւ տեւական լուծման ուղղութեամբ առաւելագոյն ջանքերը գործադրելու` յարգելով միջազգային օրէնքի, ներառեալ` տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները` համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, եւ կոչ կ՛ուղղէ խստօրէն յարգելու զինադադարը:
Բանաձեւը կ՛ընդգծէ նոր մագլցումէն խուսափելու կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ` լիարժէք իրականացնելու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ կ՛ողջունէ գործադրուող ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ու արդարացի լուծման ուղղութեամբ:
Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ մարդասիրական խնդիրներուն: Կազմակերպութիւնը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ լուծում չստացած մարդասիրական խնդիրներու առնչութեամբ, մասնաւորաբար պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրին վերաբերեալ:
Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ եւ իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացման:
Աւելցնենք նաեւ, որ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Ժերպայի հռչակագիրով կազմակերպութեան անդամ երկիրները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Հայաստանին Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը վերջին չորս տարիներու ընթացքին նախագահելու համար եւ իրենց համերաշխութիւնը կը յայտնեն Հայաստանին անվտանգային այն մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ, որոնց հետ երկիրը կ՛առերեսուի:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ