Որոնել

Սթոլթենպերկ Սթոլթենպերկ  

Սթոլթենպերկ Շուէտին եւ Ֆինլանտային խորհուրդ տուած է ընդլայնել ՕԹԱՆ-ի Հետ համագործակցութիւնը

Շուէտն ու Ֆինլանտան պէտք է խստացնեն իրենց հակաահաբեկչական օրէնսդրութիւնը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան պէտք է խստացնեն իրենց հակաահաբեկչական օրէնսդրութիւնը եւ ընդլայնեն համագործակցութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ: Ան այս մասին ըսած է «Էս.Վի.Թի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

Սթոլթենպերկի պնդումով, ասիկա շատ կարեւոր է Թուրքիոյ համար, որովհետեւ անիկա առաւել յաճախ կ՛ենթարկուի երկրին մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ահաբեկչական յարձակումներուն:

«Թուրքիոյ համար ատիկա կարեւոր է, որովհետեւ ան ՕԹԱՆ-ի այն երկիրն է, որ ամէնէն շատ կը տուժէ ահաբեկչական յարձակումներէն եւ, հետեւաբար, մտահոգ է ատով», ընդգծած է դաշինքին ընդհանուր քարտուղարը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ երկիրներու` ՕԹԱՆ-ին միանալու համար երկար ժամանակ եւ քննարկումներ պիտի պահանջուին, որպէսզի բոլոր անդամ պետութիւնները կարենան լաւ լուծումներ գտնել:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2022, 08:00