Մեսրոպեանի մէջ կայացաւ աշակերտներու համալսարանական արեւելումի հանդիպում՝ 14 համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Գործի եւ արեւելումի գրասենեակին, Նոյեմբերի 18-ին լիբանանեան 14 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներուն հետ եւ անոնց ներկայացուցին համալսարաններուն մէջ դասաւանդուող մասնագիտութիւններն ու կրթութեան պայմանները: Հանդիպումները կայացան Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Աշակերտներուն տրամադրուեցան հաստատութիւններուն վերաբերող գրքոյկներ: Աւելին, համալսարաններու ներկայացուցիչները առանձին զրոյցներով պատասխանեցին աշակերտներու հարցումներուն եւ յաւելելալ բացատրութիւններ տուին զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին: Աշակերտներ ստացան խորհրդատուութիւն նաեւ այն մասին, թէ որ մասնագիտութիւնները կը յարմարին իրենց նախասիրութիւններուն կամ ունակութիւններուն:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալական խօսք ուղղեց համալսարաններու ներկայացուցիչներուն, մասնակցութեան համար: Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեանի մէջ արժանի կարեւորութիւն կը տրուի աշակերտներու արեւելումին. անոնք պէտք է իրազեկուին Լիբանանի մէջ գործող տարբեր համալսարաններու կրթական ծառայութիւններուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւն կատարել թէ համալսարանի եւ թէ մասնագիտութեան առումներով:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ