Որոնել

1657647765540.jpg

Աշխարհին մէջ թերասնումէ տառապող անձերուն թիւը 282 միլիոն է

2019էն մինչեւ այսօր անօթութենէն տառապող մարդոց թիւը աւելցած է 150 միլիոնով, նաեւ Քովիտ-19 համավարակի հետեւանքներուն պատճառաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վերջին երկու տարիներու ընթացքին անօթութեան ենթարկուած մարդոց թիւը զգալի աճ արձանագրած է։ Ըստ 2022 թուականի GHI-ի (Global Hunger Index) համաձայն (աշխարհի մէջ անօթութեան ցուցանիշը)՝ սովի նկատմամբ առաջընթացը յանկարծակի կանգ առած է՝ եւ սովէն տառապողներուն թիւը ի բաղդատութիւն անցեալ տարուայ 46 միլիոնով աւելցած է:

Այս ընթացքով կարելի պիտի չըլլայ ձեռք բերել ՄԱԿ-ի 2030-ի օրակարգով սահմանուած պարէնային անվտանգութեան կայուն զարգացման նպատակը:

2019էն մինչեւ այսօր անօթութենէն տառապող մարդոց թիւը աւելցած է 150 միլիոնով, նաեւ Քովիտ-19 համավարակի հետեւանքներուն պատճառաւ։

Եթէ 2023-ին արմատական ներդրումներ չի կատարուին այդ ուղղութեամբ 45 միլիոն անձերու կեանքը վտանգուած պիտի ըլլայ սնունդի տագնապին պատճառաւ։

Ըստ աշխարհի մէջ անօթութեան ցուցանիշին, սովը ճգնաժամային համարուած է 9 երկիրներու մէջ, իսկ այլ 35 երկիրներու մէջ՝ ան ծանր ու մեծ տագնապ կը համարուի, մասնաւորապէս, Կենտրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան, Չատի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական ​​Հանրապետութեան, Մատակասկարի և Եմենի մէջ։

Սնունդի ճգնաժամին պատճառները

Վերջին տարիներուն սովի դէմ պայքարի առաջընթացը կանգ առած է՝ տարբեր համաշխարհային ճգնաժամերու պատճառաւ, որոնց շարքին, պատերազմները, կլիմայի փոփոխութիւնը, սննդամթերքի շուկայի գիներուն աճը և Covid-19 համաճարակը:

Կլիմայի փոփոխութիւնը, ըստ երևոյթին, առանցքային գործօն է պարէնային արտակարգ իրավիճակներուն մէջ: Ասիայի և Ափրիկէյի երկիրներուն մեծ մասը չունի անհրաժեշտ կենսամիջոցներ այդ փոփոխութիւնները դիմակայելու համար, եւ այդ երկիները կը տուժեն, տնտեսական անհաւասարութեան, աղքատութեան, ենթակառուցուածքներու պակասի, անբաւարար կառավարման և գիւղատնտեսութեան ցած արտադրողականութեան ծախսերուն բերումով:

Փաստօրէն, եղանակային իրադարձութիւններու պատճառով խոչընդոտուած են որոշ գործունութիւններ, ինչպիսիք են գիւղատնտեսութիւնը և ձկնորսութիւնը:

Պատերազմները աշխարհի մէջ անօթութեան ցուցանիշին վերելքի այլ մէկ առանցքային տարր են: Ուքրանական հակամարտութիւնը արդարեւ յառաջացուց սննդամթերքի, պարարտանիւթերու և վառելիքի գներու աճ, մեծ ազդեցութիւն ունենալով աշխարհի մէջ սովի տարածման վրայ, եւ որ լուրջ հետևանքներ պիտի ունենայ 2023 թուականէն յետոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2022, 11:00