Որոնել

Եւրոապական երկրիներուն դրօշակները Եւրոապական երկրիներուն դրօշակները 

Եւրոպական միութիւնը Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` շրջելու թշնամանքի էջը եւ շարունակելու հաշտեցման ջանքերը

Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր եռանդուն մասնակցութիւնը խնդիրներու լուծման գործընթացին մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւններուն ձեռնարկած բազմաթիւ քայլերը` ուղղուած տարակարծութիւններու հարթման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթեր Սթանօ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ 44-օրեայ պատերազմի աւարտի երկրորդ տարուան կապակցութեամբ կատարուած յայտարարութեան մէջ:

«Այս առիթով Եւրոպական Միութիւնը կը յիշէ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին տագնապի բոլոր հայ եւ ազրպէյճանցի զոհերուն: Լիովին գիտակցելով այս դժուարին ժառանգութեան` Եւրոպական Միութիւնը երկու կողմերուն ալ կոչ կ՛ուղղէ շրջելու թշնամանքի էջը եւ շարունակելու հաշտեցման ջանքերը` կանխարգիլելու մարդկային կեանքի հետագայ անհարկի կորուստը եւ վնասները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Դիւանագէտը շեշտած է, որ հակառակ անոր որ բանակցութիւնները բարդ են, սակայն կարեւոր է հետագայ քայլերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

«Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բազմաթիւ քայլերը` իրենց տարակարծութիւնները յաղթահարելու եւ շրջանին մէջ երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Եւրոպական Միութիւնը բարձր կը գնահատէ անոնց կայուն ներգրաւուածութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ եւ տարբեր ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններուն մէջ: Թէեւ այս բանակցութիւնները ակնյայտօրէն բարդ են եւ ժամանակ պիտի պահանջեն, սակայն կարեւոր է չկորսնցնել թափը, համաձայնութիւն գոյացնելու յառաջ ընթանալու որոշակի քայլերու շուրջ եւ ապահովելու անվտանգ, ապահով եւ բարեկեցիկ միջավայր` ի շահ շրջանի ամբողջ բնակչութեան», գրած է Փիթեր Սթանօ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղուի մեղմացնելու հռետորաբանութիւնը եւ չսրելու լարուածութիւնը:

«Տակաւին փխրուն միջավայրին մէջ, վերջին 30 տարիներու վէրքերը տակաւին չբուժուած, Եւրոպական Միութիւնը կը կրկնէ կողմերուն իր կոչը` մեղմացնելու հռետորաբանութիւնը եւ խուսափելու լարուածութեան որեւէ անհարկի սրումէն, ներառեալ զերծ մնալով իրարու հասցէին սպառնալիքներէն կամ մեղադրանքներէն, ինչպէս նաեւ զինուորական սադրանքներէն եւ գործողութիւններէն», գրուած է միութեան յայտարարութեան մէջ:

Դիւանագէտը կը շեշտէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր եռանդուն մասնակցութիւնը խնդիրներու լուծման գործընթացին մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխուժ ներգրաւուածութիւնը` արձագանգելով երկու կողմերու ցանկութեան եւ անոնց աջակցելով չլուծուած բոլոր հարցերու համապարփակ եւ արդար լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքին մէջ, որուն շարքին` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի, Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի անձնական ջանքերու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան այլ մեքանիզմներու միջոցով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2022, 08:29