Եգիպտոսի մէջ մեկնարկեց կլիմայի փոփոխութեան հայող COP27 վեհաժողովը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Երեկ՝ նոյեմբերի 6-ին Եգիպտոսի Շարմ Էլ-Շեյխ քաղաքին մէջ մեկնարկեց ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան միջազգային 27-րդ վեհաժողովը՝ այսպէս կոչուած COP27ը, որ կը շարունակէ իր աշխատանքները մինչև նոյեմբերի18-ը:
Ան կոչուած է արձագանքելու 2015-ի Փարիզի և 2021-ի նոյեմբերին Կլազկոյի COP26-ի վեհաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու պահպանմանը և իրականացմանը չորս թեմաներով, ամենէ առաջ՝ մեղմում, այսինքն մինչև 2030 թուականը ածխաթթու գազի արտանետումներու կրճատում, յարմարեցում, ֆինանսաւորում և համագործակցութիւն։
Փարիզի վեհաժողովը շրջադարձային էր, քանի որ երկիրները ընդհանուր համաձայնութեան եկած էին վերոնշեալ թեմաներու շուրջ, որ ներառած էր նաև զարգացող երկիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերելը:
Իսկ Կլազկոյի գագաթնաժողովը վճռորոշ էր երիտասարդներու եռանդուն ներգրաւման համար, որոնք անբաւարար գնահատած էին համաշխարհային առաջնորդներու կողմէ տրուած խոստումները:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տարբեր առիթներով անդրադարձած է հարցին և շեշտած այդ ուղղութեամբ առաջընթաց գրանցելու հրատապութիւնը՝ նկատի առնելով յատկապէս կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներու ազդեցութիւնը աղքատներու ու ապագայ սերունդներուն վրայ:
Մասնաւորապէս արարչագործութեան խնամքի համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ հնչեցուցած իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը այս տարի շեշտած էր, որ COP27 կը ներկայացնէ ևս մէկ հնարաւորութիւն՝ բոլորով միասին նպաստելու համար Փարիզի համաձայնագիրի որոշումներու արդիւնաւէտ իրականացմանը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ