Որոնել

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ 

Կը յորդորենք ողջ Հայութեան համախմբուելու ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի. Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ

Մեր աղօթքը կը մատուցենք առ Աստուած ու քաջալերանքը կը յղենք Հայոց բանակի քաջարի զինուորներուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերու հերոսական ժողովուրդին, որ բացառիկ նուիրումով ու անձնազոհութեամբ կը դիմագրաւեն թշնամական ոտնձգութիւններուն ու յարձակումներուն։

Նոյեմբեր 1-4-ը Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին անդրադարձ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին։ Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։

«Խոր մտահոգութիւն կ՝արտայայտենք Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակման՝ մասնաւորաբար 2020թ․ 44-օրեայ եւ 2022թ․ Սեպտեմբեր 13-ին սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն սպառնացող լրջագոյն մարտահրաւէրներուն, հայկական երկու պետութիւններուն շուրջ ծաւալուող աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային անբարենպաստ զարգացումներուն առնչութեամբ:

Մեծապէս անհանգստացած ենք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու աղճատման, ինքնութեան ճգնաժամի, ներհասարակական բեւեռացուածութեան, ապագային հանդէպ անորոշութեան ու տագնապի զգացումներու ահագնացման, արտագաղթի տրամադրութիւններու աճի դրսեւորումներով, որոնք իրենց քայքայիչ ներգործութեամբ կը դժուարացնեն առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը։

Մեր աղօթքը կը մատուցենք առ Աստուած ու քաջալերանքը կը յղենք Հայոց բանակի քաջարի զինուորներուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերու հերոսական ժողովուրդին, որ բացառիկ նուիրումով ու անձնազոհութեամբ կը դիմագրաւեն թշնամական ոտնձգութիւններուն ու յարձակումներուն։

Ամբողջական զօրակցութիւն կը բերենք Արցախի մեր ժողովուրդին՝ իր ինքնորոշման իրաւունքի պահանջատիրութեան մէջ, որ արտայայտուած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի օրեր առաջ կատարած յայտարարութեան մէջ, եւ կը վերահաստատէ, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը անսակարկելի է:

Կ՝ողջունենք միջազգային հանրութեան եւ բարեկամ երկիրներուն ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման եւ բանակցութիւններու միջոցով առկայ հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման։ Խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս առաջնահերթ պէտք է նկատուի ռազմագերիներու եւ պահուող քաղաքացիական անձերու ազատ արձակումն ու զոհուածներու մարմիններուն վերադարձը։

Երախտագիտութեամբ կարեւոր կը համարենք խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը Արցախի մէջ՝ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ։

Կոչ կ՝ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ ամենայն ջանք ի գործ դնելու ազգային մեր կեանքին մէջ բաժանարար գիծերը վերացնելու, քաղաքական համոզմունքներով պայմանաւորուած խտրական մօտեցումները դադրեցնելու, ատելութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը յաղթահարելու, ազգային բոլոր շրջանակներուն ներգրաւմամբ բովանդակային առողջ երկխօսութիւն նախաձեռնելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ համազգային համախմբմամբ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, վերականգնել տարածքային ամբողջականութիւնը, կանխել մարդկային ու տարածքային հնարաւոր նոր ցաւալի կորուստները եւ միջազգային հարթակներու վրայ հետեւողականօրէն պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։

Այս մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը կենսական է ու գոյաբանական եւ կը պահանջէ անմնացորդ զոհողութիւն իշխանութիւններէն, Եկեղեցիէն, ազգային կառոյցներէն եւ համայն մեր ժողովուրդէն։ Հայրենիքը ազգի յարատեւութեան երաշխիքն է, ուստի երկիրը ծայրաստիճան ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս բերելու համար պէտք է բացառել ամէն հատուածական ձգտում եւ շահ։

Կը յորդորենք հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան համախմբուելու ի պաշտպանութիւն Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի:

Պատմութեան ընթացքին բազմիցս բախած ենք առաւել դժուարին իրավիճակներու, սակայն Աստուծոյ կամքով մեր ժողովուրդը ի գին բազում զոհողութիւններու, իր ազգային բարձր գիտակցութեամբ ու անսասան հաւատով, միասնականութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ կրցած է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ կերտել իր նոր կեանքը։ Աստուծոյ ողորմութեամբ մեր ժողովուրդը այս փորձութիւնը եւս արժանապատւօրէն պիտի յաղթահարէ։

Կ՝աղօթենք պատերազմի հետեւանքով զոհուած, վիրաւորուած, գերեվարուած, անյայտ կորած հայորդիներուն եւ բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն համար՝ Ամենախնամ Տիրոջ զօրակցութիւնն ու մխիթարութիւնը հայցելով վշտացեալ ու տագնապահար բոլոր հոգիներուն եւ մեր ողջ ժողովուրդին:

Թող Ամենողորմ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին համայն եւ համերաշխութեան մէջ պահէ ազգերն ու ժողովուրդները՝ Իր սիրոյ ու հաշտութեան շնորհը հեղելով մարդկային սրտերուն ու հոգիներուն մէջ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2022, 08:57