Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի լիագումար նիստը
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր լիանիստ ժողովը գումարեց Հոկտեմբեր 20-21, 2022-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Փըրամըս, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ:
Դիւանի անդամներուն եւ եկեղեցական Միութեանց ու բարեգործական կազմակերպութեանց գրաւոր եւ բերանացի տեղեկագիրները ներկայացուելէն յետոյ, ժողովը քննեց օրակարգի նիւթերը եւ համապատասխան որոշումներ ներկայացուց եկեղեցական Միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Արտերկրի հայութիւնը յուզող հարցերու գծով:
Ընթացիկ տարուան, 2022 տարեշրջանին, Հայաստանի մէջ Յուլիս 1-էն Յուլիս 7 թուականին տեղի ունեցած՝ Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175-ամեայ տօնակատարութիւնները վերատեսութեան առարկայ դարձան եւ Խորհուրդը իր խոր գնահատանքը յայտնեց զանոնք ծրագրող եւ ի գործ դնող վարիչ յանձնախումբին:
Ութը անդամներէ բաղկացած յանձնաժողով մը նշանակուեցաւ սերտելու 175-ամեակի համաժողովէն բխած նիւթերն ու հարցերը եւ իր որոշումները յանձնելու ՀԱՀԽ-ի գործադիր յանձնախումբին 2023-ի տեղի ունենալիք ժողովին:
Դիւանի ընտրութիւնները տեղի ունեցան հետեւեալ ձեւով.- Դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան՝ Նախագահ, Վեր. Ալպերթ Փայտյան՝ Փոխ Նախագահ, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ Ատենադպիր, Դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան՝ Գանձապահ եւ վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան՝ Գործադիր Տնօրէն:
Խորհուրդը իր յարգանքի տուրքը ընծայեց Սեպտեմբեր 12, 2022-ին Հայաստանի հարաւային քաղաքներու մէջ՝ Ազերի յարձակումի զոհ դարձած հայորդիներուն: Ապա, ժողովը դատապարտեց Ատրպէյճանի նախայարձակ զինեալ գործողութիւնները եւ շարունակական յարձակումներն ու սպառնալիքները, որոնք բացայայտ քայլեր են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ ապահովութեան դէմ:
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն եւ հայոց բանակին: Ան նաեւ կոչ կ'ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային հանրութեան որպէս զի անմիջապէս կասեցնէն Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները:
Խորհուրդը նաեւ քննարկեց Միջին Արեւելքի Սուրիոյ, Իրաքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայ գաղութներուն իրավիճակը: Իր գնահատանքը յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, որ ի հեճուկս այդ շրջանի քաղաքական բարդ կացութեան եւ տնտեսական լուրջ տագնապին, կը շարունակէ իր դժուար բայց հաստատ երթը՝ յաղթահարելով բազմատեսակ մարտահրաւէրներ: Խորհուրդը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀԱՀԽ-ի անդամ եկեղեցական քոյր Միութիւններուն եւ աւետարանչական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս Յոյս Հայաստանի Համար, Ստեփան Փիլիպոսեան Հիմնարկութեան, եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան իրենց ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար: Խորհուրդը նաեւ որոշեց շարունակել իր զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն այնքան ատեն որ օգնութեան կարիք կայ:
Ի տես ներկայ քաղաքական այն լարուած եւ լուրջ կացութեան եւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգներուն, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը կոչ կ'ուղղէ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան, որ մէկդի թողուն իրենց քաղաքական եւ գաղափարական տարբերութիւնները եւ միաբանութեան ոգիով ապացուցանեն մէկ ու միասնական ազգ ըլլալու հաւատամքը՝ ի սէր մեր հայրենիքի ազատութեան եւ ապահովութեան:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ