Որոնել

Ղազի խողովակաշար Ղազի խողովակաշար 

Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի նախարարները համաձայնած են Ռուսական կազը վերցնել միացեալ գնումներու համաձայնագիրներէն

Նոր կանոնները համաշխարհային շուկաներու մէջ կազ գնելու կարելիութիւն պիտի ստեղծեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ ուժանիւթի ընկերութիւններու համար:

Եւրոպական Միութեան երկիրներու ուժանիւթի նախարարները համաձայնած են ռուսական կազը վերցնել միացեալ գնումներու համաձայնագիրներէն, որոնց ծաւալը 2023 թուականին պէտք է կազմէր առնուազն 13,5 միլիառ խորանարդ: ՌԲԿ կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:

«Նոր կանոնները համաշխարհային շուկաներու մէջ կազ գնելու կարելիութիւն պիտի ստեղծեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ ուժանիւթի ընկերութիւններու համար: Անդամ երկիրները ընդգծած են, որ ռուսական կազը վերցուի միացեալ գնումներու համաձայնագիրներէն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են շարք մը հարցերու մէջ, որոնց շարքին.

– Ուժանիւթի ոլորտին մէջ կանոնակարգող մարմիններու համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ մինչեւ մարտի վերջ հեղուկացուած կազի վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան նոր արժեչափ ստեղծելու մասին:

– Կազի ցերեկային գիներու սահմանափակման մեքանիզմի կիրարկման մասին` ըստ «Թի.Թի.ԷՖ.»-ի,

– Եւրոպական Միութեան ուժանիւթային համերաշխութեան ամրապնդման մասին, որպէսզի «համոզուին, որ արտակարգ կացութեան պարագային ոչ մէկ պետութիւն մինակ պիտի մնայ»,

– Այն ճարտարագիտութիւններու թոյլատրման ընթացակարգի արագացման մասին, «որոնք կրնան փոխել կացութիւնը արդէն այս ձմրան, օրինակ` արեւային ֆոթոելեկտրական համակարգերու եւ ջերմային մղիչներու սարքի»:

«Ես չեմ կրնար գերագնահատել, թէ որքան կարեւոր են այս միջոցները ներկայ ճգնաժամին արձագանգելու համար, եւ ես ուրախ պիտի ըլլայի, որ բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուէր: Չափազանց կարեւոր է յառաջ ընթանալ եւ որքան կարելի է արագ իրականացնել այս թղթածրարը, եւ ես յոյս ունիմ, որ խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթներուն թղթածրարը պաշտօնապէս պիտի ընդունի», ըսած է Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցով յանձնակատար Քատրի Սիմսոն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2022, 08:41