Որոնել

Հայկական Տառեր Հայկական Տառեր 

Գահիրէի մէջ. Լոյս տեսած է հայագիտական ուսմանասիրութեանց «Փարոս» արաբատառ թերթի առաջին համարը

Ընտրեցինք «Փարոս» անունը մեր ամսագրին համար, որովհետեւ փարոս հայերէն լեզուով կը նշանակէ լոյս սփռող, այսինքն լոյսի կեդրոն, որ կը մարմնաւորէ յստակութիւն, առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն:

«Հիմք ունենալով Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի կատարած մշակութային եւ գիտական դերը, որպէս ծառայողական հետազօտական կեդրոն, որ կը ձգտի աշխուժացնել զանազան մշակոյթներու տարածումը մեր հասարակութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կեդրոնի տեսլականը, որ կը ձգտի ընդգծել հայկական մշակոյթին  եւ քաղաքակրթական դերը։Անձնապէս մեծ պատիւ կը զգամ, որ Հայագիտական կեդրոնը կը սկսի իր առաջին գործը գիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտով, հրապարակելով   ամսագրի առաջին թիւը 2022 թուականին,  եւ այն պիտի կրէ «Փարոս» անունը։

Ընտրեցինք «Փարոս» անունը մեր ամսագրին համար, որովհետեւ փարոս հայերէն լեզուով կը նշանակէ  լոյս սփռող, այսինքն լոյսի կեդրոն, որ կը մարմնաւորէ յստակութիւն, առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն:

Ամսագիրը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան փոխազդեցութեան, ներառելով մարդասիրական գիտութիւններ՝ գրականութիւն, լեզու, պատմութիւն, կրօն, փիլիսոփայութիւն, արուեստ եւ հնագիտութիւն, նաեւ հասարակական գիտութիւններ՝ հոգեբանութիւն եւ ընկերաբանութիւն, նպատակ ունենալով հաստատել մշակութային եւ գիտական մօտեցումի ամենաբարձր մակարդակներ:

«Փարոս» ամսագիրը ուղղուած է մասնագիտացած ակադեմիկոսներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայագիտութեամբ եւ անոր առընչութեամբ արեւելագիտութեան հետ: 

Ամսագիրը նաեւ կը ներկայացուի   արաբ թէ օտար ընթերցողներուն, որոնք մասնագիտացած են արաբագիտութեան, հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան մէջ, առիթ ընծայելով  գիտական հաղորդակցութեան, զարկ տալով նաեւ արժէքաւոր հրապարակումներ տարածման։

Այս թիւին մէջ կը գտնենք տարբեր ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ: Առաջինը կը սկսինք Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Հրաչեայ Փօլատեանի յօդուածով՝ «Հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները Հայաստանի անկախութենէն  1991-2022» վերնագրով, ուր ան անդրադարձած է հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու պատմական փուլերուն: 

Թիւը կը պարունակէ նաեւ փրոֆ. Դոկտ. Մահմուտ Սալամա Ալաուիի յօդուածը՝ «Հայկական խորհրդանիշները Եգիպտոսի քաղաքականութեան մէջ», ուր ան ներկայացուցած է Եգիպտոսի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր խաղացած հայ անձնաւորութիւններ:

Այս թիւով  ներկայացուած  է փրոֆ. Դոկտ. Իման Արաֆայի ուսումնասիրութիւնը, «Պարսկական ձեռագիրները Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի Մատենադարանի թանգարանին մէջ» խորագրով: Գիտաշխատողը իր ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացուցած է այդ թանգարանէն ներս  պահպանուած ամենահին եւ հազուագիւտ պարսկական ձեռագիրներուն վրայ:

Կը գտնենք նաեւ դոկտ. Ժամալ Քամալի ուսումնասիրութիւնը՝ «Ժամալ Քամալ Մահմուտի ներդրումի հայոց պատմութիւնը արձանագրելու մէջ», որ սկսած է խօսելով իր դոկտորական թեզին  մասին Օսմանեան շրջանին Եգիպտոսի հայերու վերաբերեալ, որմէ ետք ներկայացուցած է այլ ուսումնասիրութիւններ նոյն թեմայով ։

Այս թիւի ուսումնասիրութիւններու շարքը կ'եզրափակենք փրոֆ. Լիլիթ  Յարութիւնեանի աշխատանքով՝ «Խօսակցական հայերէնի ուսուցման առանձնայատկութիւնները արաբախօսներուն համար», կցուած հայերէն թարգմանութեամբ։

Այսպիսով, այս թիւով կը ներկայացնենք տարբեր ուսումնասիրութիւններ, յուսալով, որ յաջողեցանք մեր ընտրութեան մէջ»։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2022, 07:00