Որոնել

 Փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական նիւթերու դասընթացքի մասնակիցները Փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական նիւթերու դասընթացքի մասնակիցները 

Փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական նիւթերու դասընթացք Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։

31 Հոկտեմբերէն 15 Նոյեմբեր երկարող դասախօսութիւններուն կը մասնակցին Մայրավանքի Հայագիտական Կեդրոնի ուսանողները, վանաբնակ միաբան հայրերը եւ Դպրեվանքի սարկաւագները:

Երկուշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ իմաստասիրական եւ բարոյագիտական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարք:

Յիշեալ դասախօսական շարքը կը ներկայացնէ Նորին Ս. Օծութեան հրաւէրով Գերմանիայէն Մայրավանք ժամանած դոկտոր Սարգիս Քէհեաեան: Դոկտ. Քէհեաեան Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ իմաստասիրական յօդուածներ եւ հեղինակած իմաստասիրական բնոյթ ունեցող երկեր, որոնցմէ մէկը շուրջ տարի մը առաջ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսած «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹՒԻՆ – Փիլիսոփայական ակնարկ» հատորն է:

31 Հոկտեմբերէն 15 Նոյեմբեր երկարող դասախօսութիւններուն կը մասնակցին Մայրավանքի Հայագիտական Կեդրոնի ուսանողները, վանաբնակ միաբան հայրերը եւ Դպրեվանքի սարկաւագները: Իմաստասիրական բարոյագիտութեան համապարփակ պատկերը բովանդակող դասախօսական շարքին նիւթերն են.-

- Ներածութիւն փիլիսոփայութեան

- Ներածութիւն բարոյագիտութեան

- Պարտագիտական բարոյագիտութիւն (Deontological Ethics)

- Նպատակաբանական բարոյագիտութիւն (Teleological Ethics)

- Առաքինութեան բարոյագիտութիւն (Virtue Ethics)

- Զգացումի բարոյագիտութիւն (Moral Sense Ethics)

- Քննախօսութեան բարոյագիտութիւն (Discourse Ethics)

- Բարոյագիտութեան քննադատութիւն (Critique of Ethics)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2022, 11:01