Որոնել

Իրան Իրան 

Իրան. Ահաբեկչական արարք Շիրազ քաղաքին Ահմաս պըն Մուսա սրբավայրին մէջ

Ահմաս պըն Մուսա սրբավայրը, Շիիներուն պատկան պաշտամունքի վայրերուն կարեւոր վայրերէն մէկն է ։

Չորեքշաբթի երեկոյեան ահաբեկչութիւն տեղի ունեցած է հարաւարեւմտեան Շիրազ քաղաքի Ահմաս պըն Մուսա սրբավայրին մէջ, որու հետեւանքով զոհուած է 15, վիրաւորուած՝ աւելի քան 20 մարդ։

Ահմաս պըն Մուսա սրբավայրը, Շիիներուն պատկան պաշտամունքի վայրերուն կարեւոր վայրերէն մէկն է ։

Ֆարս Մարզի, անվտանգութեան, քաղաքական եւ ընկերային հարցերու պատասխանատուին տուեալներուն համաձայն, ահաբեկչական արարքը տեղի ունեցած մինչ հաւատացեալները աղօթքի մէջ էին։

Յայտնենք, թէ ահաբեկչակական արարքը տեղի ունեցաւ բախումներով յատկանշուած երկրին մէջ ուր՝ աւելի քան 25 քաղաքներու մէջ ցոյցեր կը կատարուին 22 տարեկան ձերբակալուած երիտասարդուհի Մաշա Ամինին համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2022, 11:59