Ուրուկուէյի ծերակոյտը դատապարտեց Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը՝ Ատրպէյճանի ներխուժումը
Ուրուկուէյի Հանրապետութեան Ծերակոյտը յայտարարութեամբ մը դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը՝ Ատրպէյճանի ներխուժումը:
Յայտարարութեան մէջ, ինչպէս կը տեղեկցանէ «Արմէնփրէս»ը, կ՛ըսուի, որ՝ նկատի ունենալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու սրացումը եւ Հայաստանի տարածքը՝ Ատրպէյճանի ռմբակոծումները, Ուրուկուէյի Ծերակոյտը կը յայտարարէ, որ կը դատապարտէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի ներխուժումը, իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճանի յարձակման զոհ հանդիսացող հայ ժողովուրդին։ Ծերակոյտը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ճնշման եւ ռազմական բախումներուն գծով, հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուորականներու կատարած պատերազմական յանցագործութիւններու մասին բազմաթիւ արձանագրութիւններու առկայութեան պայմաններուն մէջ՝ կը պահանջէ ամբողջական եւ անաչառ հետաքննութիւն, թէ՛ բարձրաձայնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ։ Յայտարարութեան մէջ Ուրուկուէյի Ծերակոյտը կը մերժէ սպառնալիքի եւ ուժի կիրարկումը` իբրեւ տարակարծութիւններու լուծման միջոց եւ կը յայտնէ, թէ յոյս ունի, որ երկու երկիրներուն միջեւ երրորդ երկիրներու միջնորդներու ներգրաւումով մեկնարկած դիւանագիտական բանակցութիւնները թոյլ կու տան համաձայնութեան հասնելու` միջազգային իրաւունքի կիրարկման վրայ հիմնուած եւ կ՛ապահովեն երկու երկիրներուն միջեւ տեւական խաղաղութիւն` նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։
Ծերակոյտը կը յորդորէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ պահպանել ամբողջական զինադադար 2020ի եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ եւ վերականգնել երկխօսութեան ուղին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ եւ այլ համաձայնեցուած ուղիներով, միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ՝ ըստ ՄԱԿի սկզբունքներուն։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ