Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին հետեւանքով 4 միլիոնով աւելցած է աղքատութեան մէջ ապրող մանուկներու թիւը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ բռնկած պատերազմի ու գնաճի աճումին պատճառով, Արեւելեան Եւրոպայի եւ կեդրոնական Ասիոյ մէջ աւելի քան 4 միլիոնով աւելցած է աղքատութեան մէջ ապրող մանուկներուն թիւը։
Ըստ ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւններուն, Ուքրանիոյ պատերազմի եւ տարածաշրջանի ապրուստի ծախսերուն ճգնաժամին պատճառով աղքատութեան մէջ ապրող մանուկներուն թիւին ընդհանուր աճին՝ մօտ երեք քառորդը արձանագրուած է Ռուսիոյ մէջ ուր յաւելեալ 2,8 մանուկները կ՝ապրին աղքատութեան մէջ։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային տնօրէն Աֆշան Խանիը տեղեկութիւններուն համաձայն, պատերազմի սարսափէն անդին՝ մանուկներուն սպանութիւնը, վիրաւորումը եւ զանգուածային տեղահանումները, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի տնտեսական հետեւանքները մեծ ազդեցութիւն ունեցան Կեդրոնական Ասիոյ եւ Արեւմտեան Եւրոպային վրայ։
«Տարածաշրջանին բոլոր մանուկները այս պատերազմի սարսափելի հետեւանքով կործանուած են։ Եթէ չ՝աջակցինք այդ մանուկներուն եւ ընտանիքներուն, մանուկներու աղքատութեան կտրուկ աճը պիտի թարգմանուի կորսուած կեանքերու, կորսուած ուսումի եւ ապագայի»։
Աղքատութեան կտրուկ աճը կրնայ պատճառ դառնալ աւելի քան 4500 մանուկներուն մահուան նախ քան անոնց ծննդեան առաջին տարեդարձը, նշուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի յայտարարութեան մէջ։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ կոչ կ՝ուղղէ շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու ընկերային պաշտպանութեան համակարգերը ամրապնդելու համար Կեդրոնական Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպային բարձր եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներուն մէջ, առաջնահերթութիւն տալով ընկերային պաշտպանութեան յայտագիրներու Ֆոնտերուն, ներառեալ մանուկներուն եւ խոցելի ընտանիքներուն համար դրամական օգնութեան ծրագիրներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ