Որոնել

1666111425299.jpg

Ֆրանսայի մէջ ընդհանուր գործադուլ

Ըստ կրթութեան նախարարութեան, ընդհանուր գործադուլին միացած է երկրի համալսարանական դասախօսական կազմի շուրջ 6 առ հարիւրը: Դասադուլին կը մասնակցին նաեւ որոշ ճեմարաններ եւ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մուտքերը փակած ուսանողներ:

Երէկ Ֆրանսայի մէջ սկսած է ընդհանուր գործադուլ մը, որուն կը մասնակցին շարք մը ոլորտներու աշխատողներ, պետական պաշտօնեաներ, երիտասարդական կազմակերպութիւններ եւ ուսանողներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Ֆիկարօ»-ն:

«Թոթալ Էնըրճիզ» եւ «Էքսոն Մոպիլ» քարիւղի վերամշակման գործարաններու եւ պահեստներու աշխատողներէն բացի, որոնք արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր գործադուլի մէջ են` պահանջելով բարելաւել աշխատանքային պայմանները, գործադուլին միացած են փոխադրամիջոցներու ոլորտի աշխատողները:

Ըստ կրթութեան նախարարութեան, ընդհանուր գործադուլին միացած է երկրի համալսարանական դասախօսական կազմի շուրջ 6 առ հարիւրը: Դասադուլին կը մասնակցին նաեւ որոշ ճեմարաններ եւ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու մուտքերը փակած ուսանողներ:

Քաղաքացիական ծառայողները, ներառեալ պետական հիւանդանոցներու, ինչպէս նաեւ սեփական դարմանատուներու եւ ծերանոցներու աշխատակիցները, յայտարարած են ցուցարարներուն աջակցելու իրենց մտադրութեան մասին:

Ֆրանսական ամէնէն գործօն աշխատաւորական միութիւններէն մէկը` Աշխատանքի գլխաւոր համադաշնակցութիւնը, կը շարունակէ մնալ համազգային գործադուլի գլխաւոր կազմակերպիչը: Երէկուան գործադուլերուն հիմնականին մէջ կը մասնակցին անոր մասնաճիւղերը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2022, 07:22